
Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Սիկրիտ Քաակ երէկ այցելեց Քաա եւ Հերմել, ուր ստուգեց սուրիացի գաղթականներուն իրավիճակը, ինչպէս նաեւ հանդիպումներ ունեցաւ պատասխանատուներու հետ:
Քաակ մերժեց սահմանամերձ շրջաններուն մէջ ինքնուրոյն պաշտպանութիւն ունենալու իրականութիւնը` հաստատելով երկրին սահմանները պաշտպանելու լիբանանեան բանակին դերակատարութեան անհրաժեշտութիւնը:
Միւս կողմէ, Քաակ շեշտեց, որ Քաա եւ Հերմել բարգաւաճման եւ տնտեսական ու ընկերային օժանդակութեան խիստ կարիքը ունին:
Ան հաստատեց, որ Լիբանան գաղթականներու լուրջ տագնապ մը կը դիմագրաւէ` մաղթելով, որ բոլոր երկիրները օժանդակեն անոր, որպէսզի կարելի ըլլայ այս երկրին տնտեսական եւ ընկերային կայունութիւնը ապահովել:


