
Ժապալ Ամելի եւ Աուալի շրջաններու Հըզպալլայի եւ Ամալ շարժումի ղեկավարութիւններուն միջեւ երէկ տեղի ունեցաւ գործակցութեան նիստ մը, որուն ընթացքին քննարկուեցան երկրին քաղաքական եւ ապահովական իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք երկու ղեկավարութիւնները հաստատեցին Դիմադրութեան կառչած մնալու իրենց ուղեգիծը` ընդգծելով երկխօսութեան անհրաժեշտութիւնը` Լիբանանի եւ ազգային միասնականութեան ամրապնդման ի խնդիր:


