
Ներքին գործոց եւ քաղաքապետարաններու հարցերու նախարար Նուհատ Մաշնուք երէկ այցելեց ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքի նախկին պատասխանատու հազարապետ-զօրավար Ուիսամ Հասանի դամբարանը` անոր նահատակութեան Դ. տարելիցին առիթով:
Ան շեշտեց, որ բոլոր նահատակներուն թափած արիւնը յումպէտս պիտի չհոսի, որովհետեւ անոնք նահատակուեցան հաւատալով իրենց հայրենիքին եւ պետութեան գոյատեւման:
Իր յայտարարութիւններուն մէջ Մաշնուք շեշտեց, որ հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը պիտի կատարուի Նոր տարիէն առաջ` շեշտելով, որ իրենց համար առաջնահերթութիւն է լիբանանեան պետութեան կերտումը, որ անկարելի է նախագահական աթոռի թափուր դրութեամբ, սառած կառավարութեամբ եւ խորհրդարանի աշխատանքին խոչընդոտումով:


