
Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ իր ուժերը վնասազերծած են 8 սուրիացի հաշուող ահաբեկչական վտանգաւոր ցանց մը:
Հաղորդագրութեան մէջ շեշտուեցաւ, որ հարցաքննութեան ընթացքին ցանցին անդամները բացայայտած են, թէ ահաբեկչական կազմակերպութիւն մը անոնց վստահած է յարկաբաժին մը վարձելու եւ ահաբեկչական գործողութեան հեղինակներու ապաստան տրամադրելու, ականուած գօտիներ հայթայթելու եւ ահաբեկչական գործողութեան ճշդուած թիրախներուն ծանօթացնելու պարտականութիւնը:
Ըստ խոստովանութիւններուն, ահաբեկչական այդ ցանցին պարտականութիւնն էր ականահարել ճաշարաններ, զբօսաշրջային համալիրներ, ինչպէս նաեւ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու շրջուն ջոկատներ:
Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ Ընդհանուր ապահովութեան ուժերը ձերբակալուած յանցագործները յանձնած են դատական իշխանութիւններուն եւ կը շարունակեն հետապնդել այդ ցանցին հետ կապուած այլ յանցագործներ:


