
Ցամաքային փոխադրութեան սենտիքաներու համադաշնակցութեան նախագահ Պասսամ Թլայս յայտնեց, որ Ցամաքային փոխադրութեան սենտիքաներու համադաշնակցութիւնը, ինչպէս նաեւ Հանրութեան փոխադրութեան յատուկ ինքնաշարժներու վարորդներու համադաշնակցութիւնը հինգշաբթի, 27 հոկտեմբեր 2016-ին, ամբողջ Լիբանանի տարածքին պիտի կատարեն ընդհանուր գործադուլ մը:
Թլայս նշեց, որ զոյգ համադաշնակցութիւնները ինքնաշարժներու մեքանիզմի ստուգման կեդրոնները փակ պիտի պահեն մինչեւ երեքշաբթի, 25 հոկտեմբեր: «Իսկ եթէ կառավարութիւնը չանսայ ինքնաշարժներու մեքանիզմի ստուգման կեդրոններուն նուազուրդը ջնջելու մեր պահանջին, հինգշաբթի օր ընդհանուր գործադուլ պիտի կատարենք», ըսաւ ան:


