
Արդարութեան հրաժարեալ նախարար Աշրաֆ Ռիֆի երէկ նախագահեց Պոլսոյ մէջ միջազգային օրէնքի յատուկ խորհրդաժողովին մասնակցող լիբանանեան պատուիրակութեան, որուն մաս կազմեցին դատական իշխանութեան գերագոյն խորհուրդի նախագահ դատաւոր Ժան Ֆահըտ, ընդհանուր Դատախազ Սամիր Համմուտ եւ ուրիշներ:
Խորհրդաժողովին շրջագիծէն դուրս Ռիֆի եւ լիբանանեան պատուիրակութիւնը հանդիպում մը ունեցան Թուրքիոյ արդարութեան նախարար Պեքիր Պոզտաղի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան դատական մարզի համագործակցութեան հեռանկարները` համաձայնութիւն գոյացնելով լիբանանեան-թրքական գործակցութիւնը շարունակելու շուրջ:


