
Երէկ առաւօտեան կառավարութիւնը գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ վարչապետ Թամմամ Սալամի:
Նիստէն բացակայեցաւ տեղեկատուութեան նախարար Ռամզի Ժրէյժ` ճամբորդութեան պատճառով:
Վարչապետարանին մէջ գումարուած նիստին ընթացքին նախարարաց խորհուրդը քննարկեց 178 կէտերէ բաղկացած օրակարգ մը:
Նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարարի պաշտօնակատար Սըժաան Քազզի յայտնեց, որ նիստին ընթացքին վարչապետ Սալամ դարձեալ ընդգծած է նախագահական ընտրութիւն կատարելու իր պահանջը` մաղթելով, որ հանրապետութեան յաջորդ նախագահը յանձնառու մնայ ժողովրդավարութեան եւ ազգային միասնականութեան:
Քազզի ըսաւ, որ նախարարաց խորհուրդին նիստը եղած է արդիւնաւէտ` աւելցնելով, որ 178 կէտերէ բաղկացած օրակարգէն 160 կէտերը վաւերացուած են, իսկ 18-ն յետաձգուած` կառավարութեան յաջորդող նիստերուն:


