
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ Ռապիէի մէջ ընդունեց Թրիփոլիի իսլամ հոգեւորականներուն մէկ պատուիրակութիւնը, որուն անունով շէյխ Ահմետ Քամմուն յայտնեց, որ իրենց այցելութեան նպատակն է շնորհաւորել զօր. Աունը` մաղթելով, որ անոր իշխանութեան տարիները յատկանշուին հիմնական երկու նուաճումներով` աղքատութեան դէմ պայքարն ու ուսման անհրաժեշտութիւնը, որովհետեւ առանց ուսումի եւ գիտութեան անկարելի է հայրենիք կերտել:
Հանդիպումէն ետք շէյխ Քամմուն յայտնեց, որ զօր. Աունի հետ իրենց հանդիպումը մտերմիկ էր` աւելցնելով, որ զօր. Աուն հաստատած է, որ ինք կը սիրէ Թրիփոլիի բնակիչները:
«Կը յուսանք, որ զօր. Աունի նախագահութեան նստաշրջանը այլոց իշխանութիւններէն տարբերի արդարութեամբ եւ Թրիփոլիի բնակչութեան նկատմամբ անիրաւութեան վերջ մը տալու իրականութեամբ: Յոյսով ենք, որ զօր. Աունի հանրապետութեան նախագահ ընտրուիլը ամբողջ Լիբանանի համար բարիք մը կ՛ըլլայ», ըսաւ ան:


