
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ Ռապիէի մէջ նախագահեց համախմբումի ընթացիկ նիստին:
Նիստէն ետք համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան յայտնեց, որ վերջերս գոյացած համաձայնութիւններն ու փոխըմբռնումները հիմնուած են իսլամ-քրիստոնեայ իսկական գործակցութեան վրայ` աւելցնելով, որ անոնք ճշմարիտ արտայայտութիւնը կը նկատուին Ազգային ուխտին, որ հեռու է երկկողմանի կամ եռակողմանի համաձայնութիւններու տրամաբանութենէն:
Քանաան հաստատեց, որ լիբանանցիները վարժուած են արտաքին աշխարհին հաւանութեան սպասելու եւ կամ իրենց մուսաներուն սպասելու` առանց նախագահական ընտրութեան առումով ներքին նախաձեռնութիւններ առաջադրելու մասին իսկ մտածելու, որպէսզի կարելի ըլլայ անոր շուրջ ազգային համաձայնութիւն մը գոյացնել:
Իսկ ներքին նախաձեռնութիւններուն շուրջ այս օրերուն մեր վկայած իրականութիւնը կրցած է ջնջել Մարտ 8 եւ Մարտ 14 անուանումներուն սահմանները եւ լիբանանականացնել նախագահական ընտրութեան ամբողջ հոլովոյթը` գոյացնելով ազգային համաձայնութիւններ:
Քանաան հաստատեց, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը նախագահական ընտրութեան 31 հոկտեմբերի նիստին պիտի մասնակցի` գործնականացնելու համար զօր. Աունի շուրջ գոյացած համախոհութիւնը, ընդգծելով, որ նիստը յետաձգելու հաւանականութիւններ չկան:
Քանաան շեշտեց, որ իրենք կը փափաքին, որ նախագահական ընտրութիւնը ըլլայ ժողովրդավարական` ամբողջ Լիբանանի համար, եւ մէջբերեց զօր. Աունի այն արտայայտութիւնը, թէ պայքարը չ՛աւարտիր, այլ` կը սկսի երդման արարողութենէն ետք:
Քանաան նշեց նաեւ, որ նախագահական ընտրութեան առաջին հանգրուանը տեղի ունեցած է երկուքուկէս տարի առաջ` աւելցնելով, որ նախագահական ընտրութեան յաջորդ նիստը պիտի ըլլայ երկրորդ հանգրուանը, որուն գումարումի օրինաթիւն է խորհրդարանի անդամներուն երկու երրորդը եւ որուն ընթացքին նախագահը կ՛ընտրուի պարզ մեծամասնութեամբ, այսինքն` կէս առաւել մէկի քուէներով:


