ԹՐԻՓՈԼԻԻ մէջ մաքսատան ոստիկանութիւնը երէկ գետնախնձորով լեցուն սուրիական բեռնատարի մը մէջ բացայայտեց մեծ քանակութեամբ քեփթակոն դեղահատեր: Մաքսատան ոստիկանները այս խուզարկումը կատարեցին, երբ քեփթակոնով լեցուն բեռնարկղը պիտի զետեղուէր նաւուն վրայ` փոխադրուելու համար Սէուտական Արաբիա:
ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը ընդգծեց Լիբանանի մէջ բոլոր սկզբունքները յարգելու կարեւորութիւնը` հաստատելով հանրապետութեան հզօր նախագահ մը ընտրելու անհրաժեշտութիւնը: Ռայի պատրիարքը կոչ ուղղեց գործադրելու Թաէֆի համաձայնագիրը եւ յարգելու ժողովրդավարութիւնը: Ան յոյս յայտնեց, որ երկուշաբթի, 31 հոկտեմբերին նախագահական ընտրութիւն կը կատարուի, որպէսզի Լիբանան իր ժողովրդավարութիւնը վերստանձնէ:
ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ «Թուիթըր»-ի ընդմէջէն արտայայտուած է հետեւեալ կերպով. «Բնութիւնը գեղեցիկ է, սակայն անձրեւն ու ձիւնը անհրաժեշտ են, իսկ ամէն բան հանդարտ է»:
ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Էլիզապեթ Ռիչըրտը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան-ամերիկեան յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ երկրին մէջ ժողովրդավարութիւնը ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը:
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասիփքինը, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ Մեհրապի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Էլիզապեթ Ռիչըրտը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում երեսփոխանական պլոքի անդամ Ղազի Արիտի յայտնեց, որ իրենց կեցուածքը պիտի յայտարարեն Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի կողմէ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունին հետ ունենալիք հանդիպումէն եւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ ունենալիք խորհրդակցութիւններէն ետք:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ֆատի Աուար շեշտեց, որ նախագահական ընտրութեան նախապատրաստական աշխատանքները հեզասահօրէն կ՛ընթանան:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան փոխնախագահ, երեսփոխան Ժորժ Ատուան շեշտեց, որ նախագահական ընտրութիւն կատարելէ անմիջապէս ետք պիտի սկսի երկրին քաղաքական բոլոր շերտերը ներկայացնող ընտրական արդի օրէնք մը վաւերացնելու աշխատանքը:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ապպաս Հաշեմ յայտնեց, որ համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի եւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հանդիպումը եղած է իւրայատուկ հանդիպում մը, հակառակ կարգ մը լրատուամիջոցներու մեկնաբանութիւններուն:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Կապի Լայեուն յայտնեց, որ նախագահական ընտրութեան նիստի յետաձգումը վնասակար է եւ կը միտի աշխատանքները խոչընդոտել:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մոհամետ Հաժժար յայտնեց, որ Մուսթաքպալ հոսանքը որոշած է Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի թեկնածութեան զօրակցիլ` շրջանցելու համար Լիբանանի դէմ ծառացող հսկայ տագնապներ եւ քաղաքացիական պատերազմներ:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչ Քրիսթինա Լասըն մաղթեց, որ Լիբանանի դիմագրաւած բոլոր մարտահրաւէրները չքանան եւ կարելի ըլլայ երկուշաբթի, 31 հոկտեմբերի նիստին նախագահական ընտրութիւն կատարել:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասիփքին հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Լիբանանի նախագահական ընտրութեան առումով Ռուսիոյ կեցուածքը յստակ է: «Մոսկուա անուններու մանրամասնութիւններուն մէջ չի մտներ, այլ կը զօրակցի գոյացած համաձայնութեան», ըսաւ ան:
ԱԶԱՏ Նասըրականներու ղեկավար խորհուրդի քարտուղար Մուսթաֆա Համտան կոչ ուղղեց զօրակցելու լիբանանեան բանակին եւ պայքարելու ահաբեկիչներուն դէմ:
«ՇԱՐՔ ԱՈՒՍԱԹ» օրաթերթը` իր տեղեկութիւնները քաղելով Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Թալալ Արսլանի մօտիկ աղբիւրներէն, կը գրէ, թէ նախագահական ընտրութեան առումով իրենք տակաւին վերջնական կեցուածք չեն որդեգրած:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ պիտի քուէարկէ ի նպաստ զօր. Միշել Աունի:
«ԱՆՊԱ» օրաթերթը` իր տեղեկութիւնները քաղելով նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի մօտիկ աղբիւրներէն, կը գրէ, թէ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունը հանրապետութեան նախագահ ընտրելու շուրջ միջազգային եւ շրջանային համաձայնութիւն գոյացած է:
ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԵԱՆ միջոցներու նախարար Պութրոս Հարպ յայտնեց, որ ինք կը նախընտրէ քուէարկել ի նպաստ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէին, քան ձեռնպահ մնալ:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Նաուաֆ Մուսաուի երէկ շեշտեց, որ Հըզպալլայի եւ Ամալ շարժումին միջեւ յարաբերութիւնը հաստատ է ու մնայուն: Ան ըսաւ, որ իրենք խորհրդարանի նախագահութեան առումով կառչած կը մնան Նեպիհ Պըրրիի թեկնածութեան:
ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան աղբիւրներ հաստատեցին, որ իրենք չեն փափաքիր նախագահական ընտրութեան շուրջ գոյացած համաձայնութենէն հեռու պահել լիբանանեան քաղաքական որեւէ ուժ:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԷ» օրաթերթին համաձայն, նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի հանդիպումներ պիտի ունենայ Մուսթաքպալ պլոքի այն երեսփոխաններուն հետ, որոնք կը մերժեն Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի ի նպաստ քուէարկել:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ հոգեւոր խորհուրդի նախագահ, շէյխ Մոհամետ Եազպեք շեշտեց, որ իրենք կը փորձեն իրենց տուած բոլոր որոշումներուն պարագային ազգային դիմագիծը եւ չափանիշները պահպանել:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթը` իր տեղեկութիւնները քաղելով Մուսթաքպալ հոսանքի աղբիւրներէն, կը գրէ, թէ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունը նախագահ ընտրելու առումով սէուտական, իրանեան, ռուսական եւ ամերիկեան համախոհութիւն գոյացած է:


