ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ Մեհրապի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Նազիհ Նաժարին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային քաղաքական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի նախագահական ընտրութեան վերաբերող հարցեր:
ՄԱՐՈՆԻ համայնքի համադաշնակցութեան նախագահ Ուատիհ Խազեն երէկ հանդիպում մը ունեցաւ մարոնի համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Պուլոս Մաթար եպիսկոպոսին հետ: Հանդիպումէն ետք Խազեն յայտնեց, որ հակառակ քաղաքական տարակարծութիւններուն` նախագահական ընտրութիւն կատարելու հարցին շուրջ գոյացած համաձայնութիւնը ողջունելի է:
ՀԱՆՐՕԳՈՒՏ շինութեանց եւ փոխադրութեան միջոցներու նախարար Ղազի Զաայթեր հաստատեց, որ իրենք կարիքը ունին արաբները միասնականացնող մէկ կեցուածքի` նկատի ունենալով շրջանին դիմագրաւած վտանգները:
ԳԱՂԹԱԿԱՆՆԵՐՈՒ հարցերու նախարար Ալիս Շապթինի ընդգծեց, որ իրենց փափաքը իրականացած կը նկատուի, որովհետեւ նախագահական ընտրութեան շուրջ համաձայնութիւն գոյացած է: Շապթինի կոչ ուղղեց սրտերու լուացում կատարելու եւ սահմանադրութիւնը գործադրելու:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան Ուալիտ Խուրի յայտնեց, որ համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի վրայ պայմաններու պարտադրութիւնը անկարելի է` աւելցնելով նաեւ, որ Հըզպալլա կը փափաքի, որ Լիբանան վերածուի հզօր պետութեան մը:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Քասեմ Հաշեմ հաստատեց, որ խորհրդարանի պաշտօնավարութեան երկարաձգումը մերժելու իմաստով իրենց որոշումը յստակ է:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան Նաժի Ղարիոս հաստատեց, որ լիբանանեան քաղաքական կեցուածքը պէտք է ուղղուի դէպի աշխատանք` պահպանելու համար երկրին գերագոյն շահերը:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Խալետ Զահրաման հաստատեց, որ Մուսթաքպալ պլոքը գրեթէ համախոհութիւն գոյացուցած է` նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի կատարած նախագահական ընտրութեան նախաձեռնութեան շուրջ:
ԱԶԳԱՅԻՆ հանդիպումը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ յոյս յայտնուեցաւ, որ յաջորդ իշխանութեան ընթացքին կարելի ըլլայ վաւերացնել ընտրական արդար օրէնք մը:


