ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Էլիզապեթ Ռիչըրտը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան քաղաքական իրադարձութիւնները, յատկապէս նախագահական ընտրութեան վերաբերող հարցերը:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը երէկ դատական իշխանութիւններուն փոխանցեց սուրիացի յանցագործ Ալա Խալետ Քըհիլը, որ ուղղակի կապեր ունի ՏԱՀԵՇ ահաբեկչական կազմակերպութեան հետ: Ըստ բանակին հաղորդագրութեան, Քըհիլ յարձակումներ գործած է Արսալի մէջ լիբանանեան բանակի կեդրոններուն վրայ:
ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ հարցերու նախարար Ռաշիտ Տըրպաս յայտնեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի միջեւ մտերմութիւնը խոր է, եւ իբրեւ այդպիսին այդ իրականութիւնը կը մղէ, որ անոնց միջեւ յարաբերութիւնները դէպի համախոհութիւն առաջնորդուին եւ ոչ թէ մրցակցութիւն: «Հետեւաբար չեմ նախատեսեր, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի իշխանութիւնը սկսի քաղաքական ընդհարումներով», շեշտեց Տըրպաս:
ԱՌԵՒՏՈՒՐԻ եւ տնտեսութեան նախարար Ալեն Հաքիմ ընդգծեց, որ Լիբանան կարիքը ունի Եւրոպական Միութեան փորձառութեան, որպէսզի իր բոլոր մարզերը բարգաւաճեցնէ: Այս շրջագիծին մէջ, Հաքիմ ընդգծեց Լիբանանի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ գործակցութիւնը ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը:
ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր յայտնեց, որ հաղորդակցութիւնները ընթացքի մէջ են` աւելցնելով, որ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ նախագահական ընտրութեան մասին իր կեցուածքը պիտի յայտարարէ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի հետ իր ունենալիք հանդիպումէն ետք:
ԶԲՕՍԱՇՐՋՈՒԹԵԱՆ նախարար Միշել Ֆարաոն մաղթեց, որ առկախ մնացած բոլոր հարցերուն լուծումը կարելի դառնայ նախագահական ընտրութենէն առաջ: Անդրադառնալով երկրին ապահովական կայունութիւնը ականահարելու փորձերուն մասին շրջանառութեան մէջ դրուած լուրերուն` Ֆարաոն յայտնեց, որ ոչ ոքի շահերուն կը ծառայէ Լիբանանի ապահովական կայունութեան խախտումը:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Մարիօ Աուն շեշտեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի իրենց քաղաքական դաշնակիցն է եւ ան իր տեսակէտներուն ու կեցուածքներուն մէջ ազատ կը մնայ: «Մենք ոչ մէկ հարց կ՛ուզենք ունենալ Պըրրիի հետ», ընդգծեց ան:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Սելիմ Ժրայսաթի հաստատեց, որ երկուշաբթի, 31 հոկտեմբերին տեղի ունենալիք խորհրդարանի նիստը նախագահական ընտրութեան երկրորդ փուլն է:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան փոխնախագահ, երեսփոխան Ժորժ Ատուան յայտնեց, որ 31 հոկտեմբերի խորհրդարանի նիստին նախագահական ընտրութեան Ա. թէ Բ. փուլը ըլլալու մասին տարակարծութիւն պէտք չէ ըլլայ:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ալեն Աուն շեշտեց, որ համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երկուշաբթի, 31 հոկտեմբերին պիտի ընտրուի հանրապետութեան նախագահ` աւելցնելով, որ երկրին մէջ ազգային երկխօսութեան շարունակուիլը իրենց համար ողջունելի է:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Խալետ Տահեր յայտնեց, որ երկուշաբթի օրուան նախագահական ընտրութեան նիստին արդիւնքը յստակ է արդէն: Ան շեշտեց, որ Մուսթաքպալ հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սաատ Հարիրի նախագահական աթոռին թափուր դրութենէն մղուելով է, որ զօրակցութիւն յայտնած է Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի թեկնածութեան: Տահեր ընդգծեց, որ վարչապետի պաշտօնին առումով իր միակ թեկնածուն Սաատ Հարիրին է:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Նիտալ Թոհմէ` իր խօսքը ուղղելով նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիին ըսաւ. «Մենք կը զօրակցինք քեզի, որովհետեւ երկրին ազատութեան եւ արժանապատուութեան ուղեգիծին զօրակցած կը նկատուինք:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Քազեմ Խէյր հաստատեց, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի կեցուածքները սկսած են ընդունելի դառնալ սիւննի շրջանակներուն համար:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի հիւսիսային Լիբանանի պատասխանատու Մուսթաֆա Ալլուշ շեշտեց, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի իր առած յանդուգն քայլով Լիբանանին վերադարձուց իր պետականութիւնը, որովհետեւ եթէ նախագահական աթոռի թափուր դրութիւնը շարունակուէր, ապա Հըզպալլա պիտի ըլլար Լիբանանի պաշտօնական ներկայացուցիչը:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչ Քրիսթինա Լասըն յայտնեց, որ իրենց համար առաւելագոյն չափով կարեւոր է Լիբանանի հետ առեւտրական հեզասահ յարաբերութեան ապահովումը: Ան հաստատեց, որ Եւրոպական Միութիւնը պատրաստ է ամէն իմաստով օժանդակելու, որ դէպի Եւրոպա լիբանանեան արտադրութիւններու արտածումը շարունակուի:


