
Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան մէկ պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Էլիաս Ապու Սաապ եւ երեսփոխաններ Սիմոն Ապի Ռամիա, Զիատ Ասուատ, Նաժի Ղարիոս եւ Հիքմաթ Տիպ, երէկ երեկոյեան այցելեց Ժողովրդավարական հանդիպում երեսփոխանական պլոքի անդամ, նախագահական թեկնածու Հանրի Հըլուի, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս նախագահական ընտրութեան մանրամասնութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Ապու Սաապ յայտնեց, որ նախագահական ընտրութեան յաջորդող նոր իշխանութեան նստաշրջանը պիտի ըլլայ փոխադարձ գործակցութեան շրջան մը:
Ապու Սաապ նշեց, որ իրենք յանձնառու են խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ գործակցութեան` աւելցնելով, որ իրենք պիտի շարունակեն Պըրրիի հետ կապի մէջ մնալ եւ մնայուն խորհրդակցութիւններ ունենալ:
Պատասխանելով երկուշաբթի օր դպրոցները փակելու մասին հարցումի մը` Ապու Սաապ յայտնեց, որ այդ մասին խորհրդակցութիւնները ընթացքի մէջ են, եւ այդ իմաստով այսօր յստակ որոշում մը պիտի յայտարարուի:
Իր կարգին, Հըլու շեշտեց, որ երկրին պետական հաստատութիւնները վերականգնելու եւ լիբանանեան պետութեան հիմքերը ամրապնդելու համար քաղաքական բոլոր կողմերուն միջեւ գործակցութիւն պէտք է ըլլայ եւ բոլորը պէտք է ներառել այդ աշխատանքին մէջ:
Ան շեշտեց, որ իւրաքանչիւր քաղաքացիի իրաւունքն է սպասել խաղաղ ու բարգաւաճ ժամանակաշրջանի մը, որ պիտի յաջորդէ երկուքուկէս տարուան նախագահական թափուր դրութեան:
Ան նկատել տուաւ, որ իր թեկնածութիւնը յետս կոչելու իմաստով պիտի սպասէ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի միջեւ հանդիպումին, ապա` Ժողովրդավարական հանդիպում երեսփոխանական պլոքի նիստին որոշումին: «Հայրենիքին գերագոյն շահերը անհատներէն շատ աւելի կարեւոր են», ըսաւ Հըլու:


