
Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ երէկ կէսօրին այցելեց Տիման, ուր ընդունուեցաւ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին կողմէ:
45 վայրկեան տեւած հանդիպումէն ետք Ֆրենժիէ յայտնեց, որ Ռայի պատրիարքին հետ ունեցած իր հանդիպումին մթնոլորտը եղած է դրական: Ան աւելցուց, որ նախագահական նիստէն առաջ Ռայի պատրիարքին հետ տեղի ունենալիք հանդիպումը անհրաժեշտ է` երկրին իրադարձութիւնները քննարկելու առումով:
Լրագրողներուն հարցումներուն պատասխանելով` Ֆրենժիէ ընդգծեց, որ ինք կը շարունակէ նախագահական ընտրութեան թեկնածու մնալ:


