Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պըրրի. «Հանրապետութեան Նախագահի Ընտրութիւնը Անբաւարար Է, Որովհետեւ Բուն Աշխատանքները Այդ Ընտրութենէն Ետք Իրենք Զիրենք Կը Պարտադրեն»

October 26, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

berri_dinner_102516

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի, որ կը գտնուի Ժընեւ, ուր մասնակցած էր Խորհրդարաններու միջազգային համադաշնակցութեան 135-րդ խորհրդաժողովին, նախանցեալ երեկոյեան դարձաւ Ժընեւի մէջ Լիբանանի դեսպան Նաժլա Ասաքերի ընթրիքի հիւրը:

Իր արտասանած խօսքին մէջ Պըրրի յայտնեց, որ Լիբանան կը գտնուի նախագահական ընտրութեան սեմին, որ պիտի կատարուի 31 հոկտեմբերին:

Պըրրի մաղթեց, որ այդ քայլը իրականանայ, որովհետեւ Լիբանան խիստ կարիքը ունի այդ ընտրութեան` առանց յաւելեալ գերզգայնութիւններու մէջ մուտք գործելու:

Պըրրի նշեց սակայն, որ հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը անբաւարար է, որովհետեւ բուն աշխատանքները այդ ընտրութենէն ետք իրենք զիրենք կը պարտադրեն:

Բուն աշխատանքներուն մասին բացատրութիւն տալով Պըրրի անդրադարձաւ ընտրական արդար օրէնքի մը գոյութեան, յատկապէս կնոջ դերակատարութիւնը նկատի ունեցող եւ քոթայի անոր իրաւունքը յարգող:

Ան ընդգծեց համամասնական դրութեամբ ընտրական օրէնք մը մշակելու անհրաժեշտութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ քաղաքակրթութեան որոշ մակարդակի մը հասնիլ եւ դիմել այնպիսի քայլերու, որոնք կը մեղմացնեն համայնքային դրութիւնը եւ կը պահպանեն համայնքները:

Անդրադառնալով շրջանային իրադարձութիւններուն` Պըրրի Լիբանանը նմանցուց այն բնակարանին, որ կը գտնուի հրկիզուող պարտէզի մը մէջ` շեշտելով, որ շրջանային հրդեհին բոցերը որեւէ ատեն կրնան հասնիլ Լիբանան: «Այս պատճառով ալ մենք ստիպուած ենք Լիբանանի բնակչութեան թիւին կէսին չափ սուրիացի գաղթականներ հիւրընկալել եւ անոնց կարիքները հոգալ` գիտնալով հանդերձ, որ այդ դրութիւնը վտանգ կը սպառնայ երկրին տնտեսութեան, կրթութեան եւ ընկերային մարզերուն»:

Նախորդը

Եգիպտոսի Մէջ. Զաայթեր Մասնակցեցաւ Փոխադրութեան Հարցերու Արաբ Նախարարներու Գործադիր Խորհուրդի Նիստին

Յաջորդը

«Համանախագահներուն Այցելութեան Նպատակը Քասփրչիքի Առաքելութեան Ընդլայնման Վերաբերող Որոշ Մանրամասնութիւններու Վրայ Աշխատիլն Է» Կ՛ըսէ Ուորլիք

RelatedPosts

Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան  Եւ Կայունութեան Չկայ Ներդրում  Եւ Աճող Տնտեսութիւն»
Լիբանանեան

Սալամ. «Լիբանանի Մէջ Պաղեստինցի Գաղթականներու Կացութեան Կարգաւորումը Նոր Մօտեցման Կը Կարօտի»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

ՄԱԿ. «Լիբանանի, Սուրիոյ, Ուքրանիոյ Եւ Աֆղանիստանի Մէջ 9 Միլիոն Անձեր Ձմրան Դիմագրաւման Համար Յաւելեալ Օգնութեան Պիտի Կարօտին»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.