Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

November 2, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ դիւանագիտական աղբիւրներ յայտնած են, թէ Ուաշինկթընի կողմէ նախագահ զօր. Միշել Աունի ընտրութեան առիթով գրուած շնորհաւորագիրին մէջ նշուած է, թէ Միացեալ Նահանգներ անհրաժեշտ կը նկատեն լիբանանեան բանակին կողմէ ահաբեկչութեան դէմ մղուած պայքարը եւ հարց չունին, եթէ այդ պայքարին շրջագիծին մէջ բանակին եւ Հըզպալլայի միջեւ գործակցութիւն ըլլայ:

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախկին նախագահ զօր. Էմիլ Լահուտ կոչ ուղղեց լիբանանեան քաղաքական բոլոր կողմերուն համախմբուելու հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի շուրջ եւ նեցուկ կանգնելու անոր` Լիբանանի վիճակը ամէն մակարդակով բարելաւելու համար:

ՎԱՐՉԱԿԱՆ բարեկարգումի պետական նախարար Նեպիլ տը Ֆրէյժ յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահի ընտրութենէն ետք ամէնէն կարեւորը ընտրական նոր օրէնքի մշակումն է:

ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԵԱՆ միջոցներու նախարար Պութրոս Հարպ շեշտեց, որ ընդդիմութիւնը հանրապետութեան նախագահին անձին դէմ ուղղուած պիտի չըլլայ, որովհետեւ ան երկրին նախագահն է, եւ մենք ըստ այնմ պիտի վարուինք անոր հետ:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Մարուան Համատէ մաղթեց, որ ընտրական արդար օրէնք մը մշակուի:

ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ղեկավար, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ յայտնեց, որ ազգային միասնականութեան կառավարութիւն մը կազմելու մասին մտածելը իշխանութիւնը ծուղակի մէջ ձգել է:

ԺԱՄԱԱ Իսլամիէ երեսփոխանական պլոքի անդամ Իմատ Հութ շեշտեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն բոլորին նախագահն է` աւելցնելով, որ իրենք պատրաստ են գործակցելու` լիբանանեան պետութիւնը կերտելու առումով:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Ֆատի Քարամ յայտնեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան հետ փոխըմբռնումին իբրեւ արդիւնք  հանրապետութեան նախագահ կարելի եղած է ընտրել:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Քասեմ Հաշեմ յայտնեց, որ խորհրդարանի պաշտօնավարութեան երկարաձգումը մերժելի է` աւելցնելով, որ կառավարութեան կազմութեան իմաստով խորհրդակցութիւնները ընթացք առած են:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ալեն Աուն շնորհաւորեց լիբանանցիները` զօր. Միշել Աունը նախագահ ընտրելու առիթով, եւ կոչ ուղղեց կազմելու Լիբանանի նոր կառավարութիւնը:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Կապի Լայեուն յայտնեց, որ Մուսթաքպալի հետ գործակցութեան նպատակն է Լիբանանը արտաքին բոլոր չարիքներէն պաշտպանել:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան տեղեկատուական հարցերու պատասխանատու Ռամի Ռայէս յայտնեց, որ Սուրիոյ պատերազմին Հըզպալլայի մասնակցութիւնը շրջանային մակարդակի լուրջ որոշում է:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ, երեսփոխան Միշել Մուսա յայտնեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի կը սպասէ կառավարութեան կազմութեան մասին պատկերացումի մը, որպէսզի ըստ այնմ որոշում տայ:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի միջեւ յարաբերութիւնները վատ չեն, ինչպէս շատեր կը փորձեն դիտել տալ:

ԹՐԻՓՈԼԻԻ Քըպպէ շրջանին մէջ անծանօթներ երէկ նետեցին ձեռնառումբ մը: Լիբանանեան բանակը փութաց դէպքին վայրը, շրջափակեց զայն եւ այդ մասին հետաքննութիւն բացաւ:

 

 

Նախորդը

«Քաղաքական Հոլովոյթ Սկսելու Եւ Սուրիացի Ժողովուրդի Խաղաղ Կեանքի Վերադառնալու Հեռանկարը Անժամկէտ Կերպով Յետաձգուեցաւ» Կ՛ըսէ Շոյկու

Յաջորդը

Ժահժահ Քաակի Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Քաղաքական Իրադարձութիւնները

RelatedPosts

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»

February 2, 2026
14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով`  Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»
Լիբանանեան

14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով` Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»

February 2, 2026
Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ
Լիբանանեան

Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.