Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խորհրդարանը Այսօր Կ՛ընտրէ Լիբանանի Հանրապետութեան Նախագահը

October 31, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

vote_103016

Նայուածքները ուղղուած են խորհրդարան, ուր այսօր կէսօրին տեղի պիտի ունենայ նախագահական ընտրութեան նիստը, որուն շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ վերջ տալ Լիբանանի դիմագրաւած երկուքուկէս տարուան նախագահական աթոռի թափուր դրութեան:

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի կողմէ հրաւիրուած նախագահական ընտրութեան 45 նիստերը յետաձգելէ ետք, այսօր` 46-րդ նիստը պիտի ըլլայ վճռորոշ, եւ անոր արդիւնքին համաձայն Լիբանան պիտի ունենայ իր հանրապետութեան նորընտիր նախագահը:

Լիբանանցիները, որքան ալ յուսալքուած ըլլան անոնք, մեծ հետաքրքրութեամբ պիտի հետեւին Լիբանանի պատմութեան ընթացքին արձանագրուած նախագահական ամէնէն երկար թափուր դրութեան վերջ տալու պաշտօնական արարողութեան:

Կը սպասուի, որ նախագահական հիմնական թեկնածու, Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն, որուն շուրջ գոյացած է ազգային լայն համաձայնութիւն, դառնայ հանրապետութեան նախագահ` նկատի ունենալով, որ խորհրդարանը բաղկացնող երեսփոխանական պլոքներուն մեծամասնութիւնը պիտի քուէարկեն ի նպաստ անոր:

Այս ծիրին մէջ Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան պլոքն ու Ղովմի կուսակցութիւնը շաբաթ երեկոյեան յայտնեցին իրենց զօրակցութիւնը զօր. Միշել Աունի թեկնածութեան, իսկ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ, նախագահելէ ետք Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքին նիստին, յայտնեց, որ պլոքի անդամներուն մեծամասնութիւնը պիտի քուէարկէ ի նպաստ զօր. Աունի:

Պէտք է նշել նաեւ, որ Մուսթաքպալ պլոքի երեսփոխան Օքապ Սաքըր երէկ գիշեր վերադարձաւ Լիբանան` մասնակցելու համար նախագահական ընտրութեան նիստին:

Միւս կողմէ, զօր. Աունի հիմնական մրցակից, Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ շաբաթավերջին խնդրեց, որ իրեն զօրակցող պլոքները կամ երեսփոխանները սպիտակ քուէով մասնակցին ընտրութեան` իբրեւ մերժողական կեցուածք զօր. Աունը հանրապեութեան նախագահ ընտրելու:

Մշակոյթի նախարար Ռոնի Արայժի յայտնեց, որ Ֆրենժիէի այս կեցուածքը պէտք չէ մեկնաբանել իբրեւ թեկնածութեան յետս կոչում կամ չէզոք կեցուածք, այլ` զօր. Աունի շուրջ գոյացած համաձայնութիւնը մերժող կեցուածք:

Նշենք, որ այս առիթով Լիբանանի տարածքին գործող բոլոր դպրոցներն ու համալսարանները պիտի մնան փակ, իսկ ապահովութեան ուժերը Կեդրոնական Պէյրութի եւ Պաապտայի մէջ պիտի որդեգրեն ապահովական արտակարգ միջոցառումներ:

Նախորդը

Վերջին Հրաժեշտ Եւ Յուղարկաւորութիւն Ռուբէն Յովսէփեանին

Յաջորդը

Վիգէն Սարգսեան. «Կարելի Չէ Հասարակութիւնը Մեկուսացնել Բանակէն Եւ Հակառակը»

RelatedPosts

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին  Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին,  Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»
Լիբանանեան

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին, Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»

October 27, 2026
Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան  Կառչելու Եւ Քաղաքացիական  Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու
Լիբանանեան

Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան Կառչելու Եւ Քաղաքացիական Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու

October 27, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.