Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ նախագահեց Ազատագրում եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի նիստին, որմէ ետք երեսփոխան Անուար Խալիլ յայտարարեց, որ վարչապետի պաշտօնին համար պլոքին առաջադրելիք թեկնածուին անունը խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի մօտ կը գտնուի:
Խալիլ յայտնեց, որ պլոքը քննարկած է լիբանանեան իրադարձութիւնները: Ան պլոքին անունով շնորհաւորեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունը` մաղթելով, որ ան իր իշխանութեան ընթացքին յաջողի իրականացնել երդման ճառին բովանդակած նպատակները, յատկապէս ինչ կը վերաբերի երկրին գերիշխանութիւնը խորհրդանշող սահմանները կայուն պահելու եւ համամասնական դրութեամբ ընտրական արդի օրէնք մշակելու առումով:
Խալիլ յայտնեց, որ Ազատագրում եւ բարգաւաճում պլոքը յանձնառու է գործակցելու իշխանութեան հետ` յոյս յայտնելով, որ կազմուի ազգային միասնականութեան կառավարութիւն մը` դիմագրաւելու համար Լիբանանին դէմ ծառացող բոլոր վտանգները:
Միւս կողմէ, երեսփոխաններու հետ չորեքշաբթի օրուան հանդիպումին շրջագիծին մէջ Պըրրի քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Ֆայեատ շեշտեց, որ պէտք է համբերել, որպէսզի կարելի ըլլայ ճշդել յառաջիկայ աշխատանքի դրութիւնը:
Ֆայեատ ըսաւ, որ Հըզպալլան եւ Ամալ շարժումը միասնական կեցուածքով պիտի ներկայանան: Ան շեշտեց, որ երկիրը կը գտնուի արժէքաւոր առիթի մը դիմաց, որուն ընթացքին պէտք է գործակցիլ` դիմագրաւելու համար երկրին սպառնացող բոլոր սպառնալիքները:
Պատասխանելով լրագրողներուն այն հարցումին, թէ Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքը պիտի առաջադրէ՞ Սաատ Հարիրիի անունը` վարչապետի պաշտօնին համար, Ֆայեատ ըսաւ. «Պէտք է սպասել երեսփոխանական խորհրդակցութիւններուն»:
Պէտք է աւելցնել, որ Պըրրի հարցազրոյցի մը ընթացքին շեշտած էր, որ իր եւ Հըզպալլայի կեցուածքը մէկ է: Ան աւելցուցած էր նաեւ, որ նոր կազմուելիք կառավարութեան մէջ ինք չի փափաքիր ներկայացուիլ առանց Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի եւ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի:
Պըրրի գնահատած էր հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի երդման ճառը` եւ բոլոր լիբանանցիներուն պատկանելու անոր կեցուածքը` մաղթելով, որ Աստուած զայն պաշտպանէ իր շուրջիններէն:
Նշենք, որ Պըրրի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ստացաւ Իրանի խորհրդարանի նախագահ Ալի Լարիժանիէն, որ շնորհաւորեց զայն նախագահական ընտրութեան առիթով, ինչպէս նաեւ դրուատեց խորհրդարանին դերակատարութիւնը` երկրին սահմանադրական հաստատութիւններն ու ապահովական կայունութիւնը պահպանելու իմաստով:
Լարիժանի մաղթեց, որ նախագահական նոր նստաշրջանը ըլլայ յաջող եւ բեղուն գործունէութիւն տարուի` երկրին բարգաւաճման ի խնդիր: Ան ընդգծեց, որ Իրան ամէն իմաստով կը զօրակցի Լիբանանի: