
Մուսթաքպալ հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սաատ Հարիրի երէկ կէսօրէ ետք Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ նախագահեց Մուսթաքպալ պլոքի նիստին, որմէ ետք երեսփոխան Ամմար Հուրի կարդաց նիստէն բխած հաղորդագրութիւնը, որուն մէջ յոյս յայտնուեցաւ, որ նախագահական ընտրութիւնը պետութեան աշխատանքներուն թափ տայ եւ վերահաստատէ լիբանանեան պետութեան իշխանութիւնն ու հեղինակութիւնը:
Մուսթաքպալ պլոքը դրուատեց նախագահ զօր. Միշել Աունի արտասանած երդման ճառը, յատկապէս Ազգային ուխտը իբրեւ ամբողջութիւն գործադրելու անհրաժեշտութեան վրայ դրուած շեշտը:
Պլոքը կոչ ուղղեց քաղաքական բոլոր ուժերուն համայնքային եւ յարանուանական ճառախօսութենէ հեռու մնալու եւ Լիբանանը շրջանի բախումներէն զերծ կացուցելու իմաստով նախանձախնդիր մնալու:
Մուսթաքպալ պլոքը վարչապետի պաշտօնին համար առաջադրեց Սաատ Հարիրիի թեկնածութիւնը:
Հարիրի ընդունեց «Ինթըրփոլ»-ի նախագահ, նախկին նախարար Էլիաս Մըրը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան քաղաքական իրադարձութիւնները:
Նշենք, որ Հարիրի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ստացաւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրիէն, որ շնորհաւորեց Հարիրին` զօր. Միշել Աունը հանրապետութեան նախագահ ընտրելու առիթով:
Քերրի Հարիրին շնորհաւորեց նաեւ նախագահական թափուր դրութեան վերջ դնելու առումով:
Իր կարգին, Հարիրի հաստատեց, որ սահմանադրական թափուր դրութեան վերջ դնելու իրականութիւնը առիթ պիտի ընծայէ բոլորին` վերաշխուժացնելու լիբանանեան սահմանադրական հաստատութիւններուն աշխատանքը եւ դիմագրաւելու Լիբանանի դէմ ծառացած հարցերը:


