Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պաապտայի Մէջ. Վարչապետի Նշանակման Խորհրդակցութիւններու Առաջին Փուլին Ընթացքին 86 Երեսփոխաններ Առաջադրեցին Սաատ Հարիրիի Անունը

Նոյեմբեր 3, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

almustaqbal_110216

Վարչապետի նշանակման երեսփոխանական պարտադիր խորհրդակցութիւններու առաջին փուլը կատարուեցաւ երէկ:

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի հետ հանդիպած եւ խորհրդակցած 90 երեսփոխաններէն 86-ը առաջադրեցին Մուսթաքպալ հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սաատ Հարիրիի անունը:

Պաաս կուսակցութեան երկու երեսփոխանները յայտնեցին, որ իրենք վարչապետի անուն չեն առաջադրած, իսկ Ղովմի կուսակցութեան երկու երեսփոխանները բաւարարուեցան ըսելով, որ իրենց կեցուածքը յայտնած են հանրապետութեան նախագահին:

Նշենք, որ պաշտօնապէս վարչապետ նշանակուելու համար, երեսփոխանական խորհրդակցութիւններուն ընթացքին թեկնածուն 64 զօրակիցի կարիք ունի:

Միւս կողմէ, Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքը, որ երէկ կէսօրուան ժամը 12:30-ին հանդիպում պիտի ունենար նախագահ Աունի հետ` խորհրդակցելու համար վարչապետի պաշտօնի թեկնածուին մասին, իր հանդիպումը յետաձգեց այսօր առաւօտեան ժամը 9:00-ին:

Նշենք, որ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ երեսփոխան Արթիւր Նազարեան, այսօր առաւօտեան ժամը 9:30-ին, պարտադիր խորհրդակցութիւններու շրջագիծին մէջ պիտի հանդիպին նախագահ Աունի հետ:

Նախագահ Աուն երէկ առաւօտեան ժամը 10:15-ին, նախագահական պալատին մէջ ընդունեց ընթացաւարտ շրջանի կառավարութեան վարչապետ Թամմամ Սալամը, որ առաջադրեց Հարիրիի թեկնածութիւնը` կոչ ուղղելով կազմելու ազգային միասնականութեան կառավարութիւն:

Նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթի իր կարգին զօրակցութիւն յայտնեց Սաատ Հարիրիի թեկնածութեան` նշելով, որ ինք կը փափաքի իշխանութեան այս հանգրուանին գործադիր իշխանութեան պետ տեսնել Հարիրին:

Նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա, հանդիպելէ ետք նախագահ Աունի հետ, շեշտեց, որ ինք շնորհաւորած է նախագահը եւ յաջողութիւն մաղթած կազմուելիք նոր կառավարութեան: Ան առաջադրեց Սաատ Հարիրիի անունը` վարչապետի պաշտօնին համար:

Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի իր կարգին հանդիպում մը ունեցաւ նախագահ Աունի հետ: Հանդիպումէն ետք ան յայտարարութիւն չկատարեց:

Խորհրդարանի փոխնախագահ Ֆարիտ Մքարի նախագահ Աունի հետ հանդիպումին ընթացքին հաստատեց, որ վարչապետի իր թեկնածուն Սաատ Հարիրին է, որովհետեւ ան վարչապետ նշանակուելու բոլոր չափանիշները կ՛ամբողջացնէ:

Մուսթաքպալ պլոքը, նախագահութեամբ Սաատ Հարիրիի, հանդիպում մը ունեցաւ նախագահ Աունի հետ:

Հանդիպումէն ետք պլոքին անունով նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա յայտնեց, որ իրենք կ՛առաջադրեն Սաատ Հարիրիի անունը, որովհետեւ իրենց գնահատումով Հարիրին է ատակ անձնաւորութիւնը երկրին դիմագրաւած յաջորդ փուլը կառավարելու:

Նախագահ Աունի հետ հանդիպելէ ետք, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան երեսփոխանական պլոքը վարչապետ Սաատ Հարիրիի թեկնածութիւնը առաջադրեց` վարչապետի պաշտօնին համար, ընդգծելով, որ սահմանադրութեան լոյսին տակ պիտի գործակցին` կերտելու համար Լիբանանի հզօր պետութիւնը:

Երեսփոխաններ Միշել Մըր եւ Նէյլա Թուէյնի իրենց կարգին առաջադրեցին Սաատ Հարիրիի անունը:

Մըր յայտնեց, որ նախագահ Աուն լիբանանցիներուն համար հեղինակութիւն մը պիտի ըլլայ եւ Լիբանանին պիտի վերադարձնէ անոր զօրութիւնը:

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան երեսփոխանական պլոքը առաջադրեց Սաատ Հարիրիի անունը:

Պլոքին անունով Սթրիտա Ժահժահ յայտնեց, որ նախագահ Աունին փոխանցած է Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի շնորհաւորութիւնները:

Երեսփոխան Միշել Ֆարաոն առաջադրեց Հարիրիի անունը` կոչ ուղղելով բոլորին դիւրացնելու կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը` շարունակելով համաձայնական քաղաքականութեան առանցքը:

Երեսփոխան Պութրոս Հարպ յայտնեց, որ ինք առաջադրած է Հարիրիի անունը` աւելցնելով, որ որեւէ վարչակարգ առանց ընդդիմութեան չի կրնար գոյատեւել:

Ան շեշտեց, որ ընդդիմութիւնը հանրապետութեան նախագահին դէմ ուղղուած չ՛ըլլար, այլեւ` կառավարութեան եւ անոր որդեգրելիք աշխատանքային ծրագիրին:

Վարչապետի նշանակման խորհրդակցութիւններուն ծիրին մէջ, Փաղանգաւոր կուսակցութեան երեսփոխանները Մուսթաքպալ հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սաատ Հարիրիի թեկնածութեան զօրակցութիւն յայտնեցին:

Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ յայտնեց, որ իրենք շնորհաւորած են նախագահ Աունը` խոստանալով գործակցիլ անոր հետ եւ զօրակցիլ անոր` Լիբանանի շահերուն ի խնդիր: Ան ըսաւ նաեւ, որ իրենք Հարիրին յարմար կը գտնեն վարչապետի պաշտօնին համար` նկատի ունենալով, որ ան չափաւորականութեան խորհրդանիշն է:

Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլան Սաատ Հարիրիի անունը առաջադրեց վարչապետի պաշտօնին համար:

Ազատ եւ միացեալ Լիբանան երեսփոխանական պլոքի երեսփոխաններ Սելիմ Քարամ եւ Ըսթֆեն Տուէյհի խորհրդակցելէ ետք նախագահ Աունի հետ, Սաատ Հարիրիի անունը առաջադրեցին վարչապետի պաշտօնին համար: Երեսփոխան Սելիմ Քարամ շնորհաւորեց Լիբանանը` ժողովրդավարութեան յաղթանակով եւ հանրապետութեան նախագահը` նախագահական պալատին վրայ արեւ շողացնելով:

Ան յայտնեց, որ թէեւ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ ներկայ չէ գտնուած հանդիպումին, սակայն զիրենք գործուղած է ներկայ գտնուելու խորհրդակցութիւններուն: Հետեւաբար, իրենց կեցուածքը նաեւ Ֆրենժիէի կեցուածքն է:

Քարամ նշեց, որ Ֆրենժիէ նախագահական պալատ այցելութիւնը պոյքոթի չէ ենթարկած:

Պաաս կուսակցութեան երեսփոխաններ Ասեմ Քանսօ եւ Քասեմ Հաշեմ վարչապետի պաշտօնին համար ոչ մէկ թեկնածուի անուն առաջադրեցին:

Ղովմի կուսակցութեան երեսփոխաններ Ասաատ Հարտան եւ Մարուան Ֆարես յայտնեցին, որ վարչապետի նշանակման հարցով իրենց կեցուածքը յայտնած են նախագահ Աունի:

Երեսփոխան Ահմետ Քարամէ առաջադրեց Հարիրիի անունը` զայն նկատելով այս հանգրուանի յարմարագոյն թեկնածուն:

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ յայտնեց, որ Ժողովրդավարական հանդիպումի երեսփոխանական պլոքի վարչապետի թեկնածուն Սաատ Հարիրին է:

Ժոմպլաթ յայտնեց, որ նախագահ Աունին յայտնած են, թէ տարակարծութիւններուն օղակը պէտք է սեղմել եւ կեդրոնանալ ներքին լիբանանեան քաղաքական կեանքի ամրապնդման վրայ, որպէսզի Լիբանանը կարելի ըլլայ փրկել զինք շրջապատող տագնապներէն:

 

 

Նախորդը

Վարչապետի Պաշտօնին Համար Առաջադրուելիք Թեկնածուին Անունը Պըրրիի Մօտ Կը Գտնուի

Յաջորդը

Նախագահ Սարգսեան Պաշտօնապէս Կը Շնորհաւորէ Նախագահ Աունը

RelatedPosts

Պարրաքի Յայտարարութեան  Լիբանանեան Արձագանգներ
Գլխաւոր լուրեր

Պարրաք. «Լիբանան Շրջանային Ուժերու Ձեռքը Իյնալու Վտանգը Կը Դիմագրաւէ, Պէտք Է Զէնքի Հարցը Լուծէ, Այլապէս Գոյութենական Վտանգ Կը Դիմագրաւէ»

Յուլիս 14, 2025
Պարրաքի Յայտարարութեան  Լիբանանեան Արձագանգներ
Լիբանանեան

Պարրաքի Յայտարարութեան Լիբանանեան Արձագանգներ

Յուլիս 14, 2025
«Պատրաստ Ենք Ոչ Ահաբեկչական Խնդիրներով  Բանտարկուածները Յանձնելու Համար Սուրիոյ Հետ  Համաձայնագիր Կնքելու»  Կ՛ըսէ Արդարադատութեան Նախարարը
Լիբանանեան

«Պատրաստ Ենք Ոչ Ահաբեկչական Խնդիրներով Բանտարկուածները Յանձնելու Համար Սուրիոյ Հետ Համաձայնագիր Կնքելու» Կ՛ըսէ Արդարադատութեան Նախարարը

Յուլիս 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?