Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

November 3, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան մեկնեցաւ Հռոմ, ուր պիտի մասնակցի կրօններու եւ մշակոյթներու միջեւ երկխօսութեան յատուկ խորհրդաժողովի մը, որուն նպատակն է տարբեր կրօններու հետեւորդներուն միջեւ յարաբերութիւնները եւ համակեցութիւնը ամրապնդել:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մոհամետ Քապպանի յայտնեց, որ իրենք չեն ակնկալեր, որ Հըզպալլա Մուսթաքպալ հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սաատ Հարիրիի անունը առաջադրէ վարչապետի պաշտօնին համար: Ան բարձր գնահատեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի երդման ճառը:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Չինաստանի դեսպան Ուանկ Քի Ճիանը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները: Ճիան մաղթեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը ամէնէն արագ միջոցին կազմուի` ընդգծելով, որ Չինաստան յանձնառու է Լիբանանի ապահովական կայունութեան պահպանումին:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Աթեֆ Մաժտալանի շեշտեց, որ Հըզպալլայի կամ որեւէ այլ քաղաքական ուժի շահերուն չի ծառայեր կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը ամիսներու վրայ երկարաձգելը:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ալեն Աուն հաւանական նկատեց, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը որոշ դժուարութիւններ դիմագրաւէ:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Եասին Ժապեր յայտնեց, որ իրենք յանձնառու են ազգային իսկական միասնականութեան կառավարութիւն մը կազմելու:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամմար Հուրի յայտնեց, որ երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ տակաւին մաս կը կազմէ Մուսթաքպալ պլոքին` աւելցնելով, որ մօտիկ ապագային կարելի պիտի ըլլայ անոր հետ հարցը լուծել:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Սելիմ Ժրայսաթի յայտնեց, որ իրենք գրեթէ վստահ են, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի լիբանանեան ազգային գործակցութենէն դուրս պիտի չմնայ: Ան շեշտեց, որ Պըրրի ժողովրդավարական դիմագիծ ընծայեց նախագահական ընտրութեան նիստին:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մոհամետ Հաժժար հաստատեց, որ իրենք շատ զգուշ կը վարուին այն խոչընդոտներուն հետ, որոնք կրնան Հըզպալլայի կողմէ զետեղուիլ` կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին ընթացքին:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան պատասխանատուներէն Ուեհպէ Քաթիշա հաստատեց, որ Հըզպալլա չէր փափաքեր, որ նախագահական ընտրութիւն կատարուի, սակայն ան ստիպուեցաւ զօրակցիլ զօր. Միշել Աունի, երբ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ առաջադրեց զօր. Աունի թեկնածութիւնը:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Խալետ Զահրաման շեշտեց, որ կառավարութեան աշխատանքը խոչընդոտելու որեւէ փորձ Լիբանանը կրնայ միջամուխ դարձնել հսկայ տագնապի մը:

ՊԷՅՐՈՒԹԻ առեւտուրի, ճարտարարուեստի եւ երկրագործութեան պալատներու նախագահ Մոհամետ Շքէյր յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը անբաւարար է եւ պահանջուածը այն է, որ կառավարութիւնը ամէնէն արագ միջոցին կարելի ըլլայ կազմել:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն աղբի, ջուրի եւ ելեկտրականութեան տագնապները լուծելու իմաստով վճռական կեցուածք որդեգրած է:

ԱՆՊԱՇՏՕՆ աղբիւրներու համաձայն, կառավարութիւնը մօտիկ ապագային կազմուելու պարագային լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի կը փափաքի վերջ տալ իր պաշտօնին եւ դառնալ պարզ քաղաքացի` մերժելով քաղաքական ասպարէզ մուտք գործել:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Պրազիլի դեսպան Ժորժ Ժերալտօ Քատիրի յայտնեց, որ Լիբանանի նախագահական ընտրութիւնը գործնական սկիզբ մը կը նկատուի Լիբանանի ապահովական կայունութեան:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի կոչ ուղղեց իր երեսփոխաններուն, որ նախագահ զօր. Միշել Աունի հետ վարուին իբրեւ հանրապետութեան նախագահ եւ ոչ թէ թշնամի:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Անպա» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանի կառավարութիւնը պիտի կազմուի նախքան Լիբանանի անկախութեան տօնը, այսինքն` նախքան 22 նոյեմբեր 2016:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Մարիօ Աուն յայտնեց, որ կառավարութիւնը շատ արագ պիտի կազմուի եւ անիկա պիտի դառնայ ազգային միասնականութեան կառավարութիւն:

 

Նախորդը

Թուրքիոյ Մէջ Ձերբակալուած Է Ծիծեռնակաբերդ Այցելած Թուրք Լրագրողը

Յաջորդը

«Սուրիոյ Մէջ Հաւատադրժողական Ահաբեկիչներուն Դէմ Ճակատումը Իսրայէլի Դէմ Ճակատելու Մէկ Մասն Է» Շեշտեց Շէյխ Նայիմ Քասեմ

RelatedPosts

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

January 6, 2026
Ապտալլա. «Ելեւմտական Բացի Նախագիծին  Եւ Տնտեսական Խորհուրդներուն Ու Դրամատուներուն  Միջեւ Տարակարծութիւնը Պահեստի Գումարի Ծաւալին  Ու Ճգնաժամի Որակման Շուրջ Է»
Լիբանանեան

Ապտալլա. «Ելեւմտական Բացի Նախագիծին Եւ Տնտեսական Խորհուրդներուն Ու Դրամատուներուն Միջեւ Տարակարծութիւնը Պահեստի Գումարի Ծաւալին Ու Ճգնաժամի Որակման Շուրջ Է»

January 5, 2026
Անդրադառնալով Լիբանանի Մէջ  Համասի Զէնքի Յանձնման`   Տիմաշքիէ. «Հակառակ Թափուած Ջանքերուն,  Հարցերը Տակաւին Չլուծուեցան, Եւ Տակաւին  Յամառութեան Կը Հանդիպինք»
Գլխաւոր լուրեր

Անդրադառնալով Լիբանանի Մէջ Համասի Զէնքի Յանձնման` Տիմաշքիէ. «Հակառակ Թափուած Ջանքերուն, Հարցերը Տակաւին Չլուծուեցան, Եւ Տակաւին Յամառութեան Կը Հանդիպինք»

January 5, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.