Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պուսթրոս Պալատին Մէջ. Զարիֆ Եւ Պասիլ Շեշտեցին Շրջանին Սպառնացող Վտանգները Միասնաբար Դիմագրաւելու Եւ Փոխադարձ Գործակցութիւնը Ամրապնդելու Կարեւորութիւնը

November 8, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

zarif_basil_110716

Ընթացաւարտ կառավարութեան արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ Պուսթրոս պալատին մէջ ընդունեց Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ճաւատ Զարիֆը, որուն հետ քննարկեց տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-իրանեան յարաբերութիւններն ու զանոնք ամրապնդելու կարելիութիւնները:

Հանդիպումէն ետք մամլոյ միացեալ ասուլիսի մը ընթացքին Զարիֆ յայտնեց, որ լիբանանցիներուն կողմէ նախագահական ընտրութեան կայացումը ցոյց կու տայ անոնց ազգային ազատ կամքը:

Ան շեշտեց, որ լիբանանեան այս իւրայատուկ փորձառութիւնը կրնայ իբրեւ սկիզբ ծառայել` քաղաքական բոլոր թնճուկներու հանգուցալուծման:

Զարիֆ շնորհաւորեց լիբանանցիները  լիբանանեան հանրապետութեան նախագահական ընտրութեան քաղաքական եւ ժողովրդավարական փորձին յաջողութեան համար:

Զարիֆ ընդգծեց, որ Լիբանան եւ Իրան միասնաբար պէտք է դիմագրաւեն շրջանին սպառնացող վտանգներուն, ինչպէս նաեւ ամրապնդեն փոխադարձ գործակցութիւնը, յատկապէս տնտեսական եւ առեւտրական մարզերուն պարագային:

Իր կարգին, Պասիլ նշեց, որ լիբանանցիները փաստած են, որ իրենց որոշումը ներքին լիբանանեան է:

Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Իրանի` Լիբանանին զօրակցելու, ինչպէս նաեւ լիբանանեան ներքին որոշումներուն միջամուխ չդառնալու համար:

Պասիլ յայտնեց, որ շրջանային տագնապներուն լուծման առումով Լիբանան եւ Իրան քաղաքական նոյն կեցուածքը կը բաժնեն` հաւատալով, որ այդ տագնապին պէտք է խաղաղ լուծումներ ապահովուին:

Կը նախատեսուէր, որ երէկ գիշեր Զարիֆ հանդիպում մը ունենար նաեւ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի հետ:

Նշենք, որ Զարիֆ այսօր առաւօտեան ժամը 9:00-ին, «Ֆենիսիա» պանդոկին մէջ պիտի մասնակցի լիբանանեան-իրանեան տնտեսական խորհրդաժողովին:

Կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին Զարիֆ Մսայթպէի մէջ հանդիպում մը պիտի ունենայ ընթացաւարտ կառավարութեան վարչապետ Թամմամ Սալամի հետ:

Կէսօրուան ժամը 12:15-ին Զարիֆ հանդիպում մը պիտի ունենայ վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ, իսկ ժամը 1:00-ին` խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ:

Նախորդը

Իպրահիմ. «Առանց Քաղաքական Հովանաւորութեան Ամբողջական Ապահովութիւն Կարելի Չէ Հաստատել»

Յաջորդը

«Զօր. Աունի Նախագահ Ընտրութիւնը Եւ Կազմուելիք Կառավարութիւնը Պիտի Փաստեն Լիբանանի Արաբական Ինքնութիւնը» Շեշտեց Վարչապետ Հարիրի

RelatedPosts

Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան  Եւ Կայունութեան Չկայ Ներդրում  Եւ Աճող Տնտեսութիւն»
Լիբանանեան

Սալամ. «Լիբանանի Մէջ Պաղեստինցի Գաղթականներու Կացութեան Կարգաւորումը Նոր Մօտեցման Կը Կարօտի»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

ՄԱԿ. «Լիբանանի, Սուրիոյ, Ուքրանիոյ Եւ Աֆղանիստանի Մէջ 9 Միլիոն Անձեր Ձմրան Դիմագրաւման Համար Յաւելեալ Օգնութեան Պիտի Կարօտին»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.