Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զարիֆ Ընդգծեց Թեհրանի Զօրակցութիւնը Լիբանանին` Մաղթելով, Որ Լիբանանի Կառավարութիւնը Շուտով Կազմուի

November 9, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

seyid_nasralla_zarif_110816

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ճաւատ Զարիֆ երէկ շարունակեց Լիբանանի իշխանութեան պետերուն իր կատարած այցելութիւնները, ընկերակցութեամբ` Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Մոհամետ Ֆաթհ Ալիի:

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա ընդունեց Զարիֆը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

Զարիֆ այցելեց նաեւ Այն Թինէ, ուր ընդունուեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի կողմէ:

Հանդիպումէն ետք Զարիֆ յայտնեց, որ Պըրրիի դերակատարութիւնը` նախագահական ընտրութեան խորհրդարանի նիստին եւ ապա կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին մէջ, հիմնական է, էական եւ շինիչ, որովհետեւ ան մնայուն կերպով նկատի կ՛ունենայ լիբանանցիներուն շահերը, իսկ Իրան կը զօրակցի այդ տեսակէտին:

«Կը մաղթենք, որ Լիբանանի մէջ տիրող համախոհական եւ լաւատեսական մթնոլորտին լոյսին տակ, վկայենք նոր կառավարութեան ծնունդը եւ գործակցինք անոր հետ: Մենք համոզուած ենք, որ Լիբանանի եւ Իրանի յարաբերութիւնները պիտի ամրապնդուին բոլոր մարզերուն մէջ», ըսաւ ան:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ Լիբանանի նախագահական ընտրութիւնը Իրանի համար յաջողութի՞ւն կը նկատէ, Զարիֆ ըսաւ. «Լիբանանի արձանագրած որեւէ յաջողութիւն մեր յաջողութիւնը եւ լիբանանցիներուն յաջողութիւնը կը նկատենք»:

hariri_zarif_110816

Վարչապետ Սաատ Հարիրի Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Զարիֆը, որ շնորհաւորեց զայն` մաղթելով, որ կառավարութեան կազմութեան անոր առաքելութիւնը ըլլայ հեզասահ:

Ան ընդգծեց, որ Իրան պատրաստ է Լիբանանի հետ գործակցելու բոլոր մարզերուն մէջ` աւելցնելով, որ Թեհրան ամէն իմաստով պիտի զօրակցի Լիբանանին, յատկապէս` ահաբեկչութեան դէմ պայքարի առումով:

Զարիֆ ըսաւ, որ Հարիրիի հետ քննարկած է նաեւ շրջանային հարցեր` շեշտելով, որ անհրաժեշտ է բոլոր կողմերուն միջեւ քաղաքական տեսակէտներու մերձեցում գոյացնել` յանգելու համար համապատասխան լուծումներու:

Իրանի դիւանագիտութեան պետը այցելեց նաեւ ընթացաւարտ կառավարութեան վարչապետ Թամմամ Սալամի բնակարանը, Մսայթպէ:

Հանդիպումէն ետք Զարիֆ յայտնեց, որ Իրան նեցուկ կը կանգնի Լիբանանի մէջ տիրող քաղաքական շինիչ տեսակէտներուն:

Զարիֆ յայտնեց, որ ինք Սալամը շնորհաւորած է նախագահական ընտրութիւն կատարելու եւ վարչապետ նշանակելու առումով` յոյս յայտնելով, որ կառավարութիւնը անյապաղ կազմուի:

Երեկոյեան ժամը 5:00-ին Զարիֆ աւարտեց Լիբանան կատարած իր երկօրեայ պաշտօնական այցելութիւնը եւ մեկնեցաւ Ռումանիա:

 

 

Նախորդը

«Կը Պահանջենք Ազգային Միասնականութեան Կառավարութեան Կազմութիւնը» Շեշտեց Ժրայսաթի

Յաջորդը

Նախագահ Աուն Շեշտեց Տնտեսական Ամբողջական Ծրագիրի Մը Գոյութեան Կարեւորութիւնը

RelatedPosts

Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան  Եւ Կայունութեան Չկայ Ներդրում  Եւ Աճող Տնտեսութիւն»
Լիբանանեան

Սալամ. «Լիբանանի Մէջ Պաղեստինցի Գաղթականներու Կացութեան Կարգաւորումը Նոր Մօտեցման Կը Կարօտի»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

ՄԱԿ. «Լիբանանի, Սուրիոյ, Ուքրանիոյ Եւ Աֆղանիստանի Մէջ 9 Միլիոն Անձեր Ձմրան Դիմագրաւման Համար Յաւելեալ Օգնութեան Պիտի Կարօտին»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.