Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն Եւ Զարիֆ Ընդգծեցին Երկկողմանի Յարաբերութիւնները Ամրապնդելու Եւ Ահաբեկչութեան Դէմ Միասնաբար Պայքարելու Անհրաժեշտութիւնը

November 8, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

aoun_zarif_110716

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ երեկոյեան ժամը 6:00-ին նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ճաւատ Զարիֆը, որ երկօրեայ պաշտօնական այցելութեամբ մը եկած էր Լիբանան:

Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ ընթացաւարտ կառավարութեան արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ:

Հանդիպումին ընթացքին Զարիֆ նախագահ Աունին յայտնեց Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիի շնորհաւորութիւնը` ընդգծելով, որ Թեհրան յանձնառու է Լիբանանի եւ Իրանի միջեւ յարաբերութիւններու ամրապնդումին. ան դրուատեց նախագահ Աունի երդման ճառը:

Իր կարգին, նախագահ Աուն Զարիֆէն խնդրեց իր ողջոյնները փոխանցել Իրանի հոգեւոր գերագոյն պետ սէյիտ Ալի Խամենէիի եւ Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիի` նկատել տալով, որ Պէյրութի մէջ տեղի ունենալիք տնտեսական խորհրդաժողովը պիտի նպաստէ լիբանանեան-իրանեան գործակցութեան բարելաւման:

Նախագահ Աուն ընդգծեց նաեւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի իմաստով տարբեր երկիրներու միջեւ գործակցութեան անհրաժեշտութիւնը: Ան ըսաւ, որ Լիբանան պիտի շարունակէ պայքարիլ երկրին եւ ժողովուրդին դէմ յարձակում գործող ահաբեկչական շարժումներուն դէմ:

Նախագահ Աունի հետ հանդիպումէն ետք Զարիֆ յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ նախագահական թափուր դրութեան աւարտը բոլոր լիբանանցիներուն յաղթանակն է:

Ան հաստատեց, որ Լիբանանի եւ Իրանի միջեւ յարաբերութիւնները բարելաւելու առիթները շատ են, շրջանին մէջ ապահովական կայունութիւնը ամրապնդելու իմաստով յոյսերը` մեծ:

Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ Զարիֆ շնորհաւորեց լիբանանցիները իրենց պատմական թշնամիներուն դիմադրելու ոգիին համար, ինչպէս նաեւ ողջունեց անոնց կամքը, որուն շնորհիւ կարելի եղաւ հանրապետութեան նախագահ ընտրել:

«Լիբանանցի ժողովուրդը իր փորձառութեամբ փաստեց, որ ազգային միասնականութեան ոգիով կ՛առաջնորդուի, եւ իբրեւ այդպիսին լիբանանցիները կրնան փայլուն ապագայ մը կերտել ոչ միայն Լիբանանի, այլեւ շրջանի երկիրներուն համար», ըսաւ Զարիֆ:

Ան յայտնեց, որ իրանեան քաղաքական եւ տնտեսական պատուիրակութեան մը ընկերակցութեամբ կը գտնուի Լիբանան` շնորհաւորելու համար հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը եւ վարչապետի նշանակումը, ինչպէս նաեւ քննարկելու երկկողմանի քաղաքական եւ տնտեսական յարաբերութիւնները ամրապնդելու հեռանկարները:

«Մենք վստահ ենք, որ հակառակ Լիբանանի եւ շրջանի ժողովուրդներուն դիմագրաւած տագնապին ու տանջանքին` հաւատադրժողական ահաբեկչութեան հոսանքին պատճառով, լիբանանցիները կրցան զանոնք դիմագրաւել իրենց ազգային միասնականութեամբ, տոկունութեամբ եւ հզօր Դիմադրութեամբ: Անոնք կրցան ամէն գնով հաւատադրժողական ահաբեկիչները տապալել», ըսաւ ան:

Զարիֆ շեշտեց, որ Իրան մնայուն կերպով պիտի զօրակցի Լիբանանին եւ շրջանի բնակչութեան:

Նախագահ Ասատի Յատուկ Պատուիրակը  Կ՛այցելէ Պաապտա

aoun_syrian_delegate_110716

Միւս կողմէ, երէկ առաւօտեան նախագահ Աուն Պաապտայի մէջ ընդունեց Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի յատուկ պատուիրակ` Սուրիոյ հանրապետութեան նախագահութեան հարցերու նախարար Մանսուր Ազզամը, ընկերակցութեամբ` Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալիի:

Հանդիպումէն ետք Ազզամ յայտնեց, որ իր այցելութեան նպատակն է նախագահ Ասատի եւ սուրիացի ժողովուրդին շնորհաւորութիւններն ու բարեմաղթութիւնները ներկայացնել նախագահ Աունին:

Լրագրողներու հարցումներուն պատասխանելով Ազզամ յայտնեց, որ երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններուն իմաստով հին էջեր չկան, հետեւաբար նոր էջ մը բանալու կարիքը չկայ:

Ազզամ ընդգծեց, որ միացեալ շահերն ու ապահովական կայունութիւնը երկկողմանի յարաբերութիւններուն հիմնական խորագիրը պէտք է նկատել:

Ազզամ նշեց նաեւ, որ նախագահ Աուն անդրադարձած է երկու երկիրներուն եւ երկու ժողովուրդներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող խոր յարաբերութիւններուն` աւելցնելով, որ իր այցելութիւնը պէտք է զետեղել երկկողմանի միացեալ շահերու պաշտպանութեան պիտակին տակ` նկատի ունենալով, որ մենք ունինք միացեալ թշնամիներ, որոնք Իսրայէլն ու հաւատադրժողական ահաբեկչութիւնն են:

Վարչապետ Սաատ Հարիրիի նշանակումը շնորհաւորելու մասին հարցումի մը պատասխանելով` Ազզամ շեշտեց, որ իրենք կը զօրակցին Լիբանանի կառավարութեան կազմութեան եւ ապա յարմար առիթի կը խօսին:

Նախագահ Աունի այցելեց նաեւ հանրապետութեան նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանը, որ շնորհաւորեց Աունը նախագահ ընտրուելուն եւ Ս. Միքայէլ հրեշտակապետի տօնին առիթով:

Ան մաղթեց, որ նախագահ Աուն շարունակէ «Պաապտայի յայտարարութեան» գործադրութիւնը` դրուատելով Ազգային երկխօսութեան նիստերուն ընթացքին զօր. Աունի դերակատարութիւնը, յատկապէս ինչ կը վերաբերէր երկրին պաշտպանութեան ռազմավարութեան մշակումին:

Սլէյման յայտնեց, որ նախագահ Աունի հետ քննարկած է նաեւ ընտրական օրէնքին եւ վարչական ապակեդրոնացեալ դրութեան վերաբերող հարցեր:

 

Նախորդը

Պըրրի. «Ելեւմուտքի Նախարարութիւնը Շիի Համայնքին Կը Պատկանի Եւ Այդ Մէկը Թաէֆի Համաձայնագիրով Ճշդուած Է»

Յաջորդը

Պոլսոյ Մէջ Հրանդ Տինքի Սպանութեան Գործով Դատական Նիստ. Կարօ Փայլան Միացած Է Շէնքին Առջեւ Ընթացող Ցոյցին

RelatedPosts

Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան  Եւ Կայունութեան Չկայ Ներդրում  Եւ Աճող Տնտեսութիւն»
Լիբանանեան

Սալամ. «Լիբանանի Մէջ Պաղեստինցի Գաղթականներու Կացութեան Կարգաւորումը Նոր Մօտեցման Կը Կարօտի»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

ՄԱԿ. «Լիբանանի, Սուրիոյ, Ուքրանիոյ Եւ Աֆղանիստանի Մէջ 9 Միլիոն Անձեր Ձմրան Դիմագրաւման Համար Յաւելեալ Օգնութեան Պիտի Կարօտին»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.