Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

November 9, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ շնորհաւորական հեռագիր մը ստացաւ Եգիպտոսի խորհրդարանի նախագահ Ալի Ապտել Ալի կողմէ` հանրապետութեան նախագահութեան ընտրութեան առիթով:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ յայտնեց, որ եթէ ինք Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութեան մասնակցելու առիթ ունենար, ապա կը քուէարկէր ի նպաստ Պըռնի Սենտըրզի:

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան Տար Ֆաթուայի մէջ ընդունեց Մընիէ-Տըննիէի երեսփոխաններ Ահմետ Ֆաթֆաթը, Քասեմ Ապտել Ազիզը եւ Քազեմ Խէյրը, որոնց հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ այդ շրջաններուն կարիքները:

ԸՆԹԱՑԱՒԱՐՏ կառավարութեան տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարար Ալեն Հաքիմ յայտնեց, որ Իրանի դէմ պատժամիջոցները ջնջելու իրականութիւնը Լիբանանի համար տնտեսական լաւ առիթ է:

ԸՆԹԱՑԱՒԱՐՏ կառավարութեան մշակոյթի նախարար Ռոնի Արայժի շեշտեց, որ կառավարութեան մէջ իրենց մասնակցութիւնը կախեալ է Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէին առաջարկուելիք նախարարութենէն:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Նաուար Սահիլի յայտնեց, որ առանց նահատակներուն թափած արեան երկիրը կարելի չէր պահել, ինչպէս նաեւ կարելի չէր նախագահական ընտրութիւն կատարել:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Նետիմ Ժեմայէլ յայտնեց, որ ազգային միասնականութեան ընդարձակ կառավարութիւն մը կազմելու կարելիութեան դիմաց կը գտնուինք` աւելցնելով, որ Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը կը փափաքի մաս կազմել նոր կազմուելիք կառավարութեան:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Մարուան Շարպել շեշտեց, որ ընտրական նոր օրէնք մը մշակելու հարցը հանրապետութեան նախագահին համար առաջնահերթութիւն է:

ՄԱՐԱՏԱ հոսանքի քաղաքական խորհուրդի անդամ Վերա Եամմին շեշտեց, որ Պաապտայի նախագահական պալատ կատարուած դիւանագիտական այցելութիւնները կը փաստեն, որ քաղաքական իրենց խմբաւորումը յաղթած է:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, յաջորդ կառավարութեան մէջ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի թեկնածուն երեսփոխան Մարուան Համատէն է, մինչդեռ Ժըպրան Պասիլ պիտի շարունակէ մնալ արտաքին գործոց նախարար, իսկ ելեւմուտքի նախարարութիւնը պիտի շարունակէ մնալ Ամալ շարժումին բաժինը:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, եթէ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը շարունակուի նոյն դրական ընթացքով, ապա կարելի պիտի ըլլայ քանի մը օրէն յայտարարել կառավարութեան նոր կազմը:

 

Նախորդը

Միացեալ Նահանգներու Նոր Նախագահին Անունը Կը Յստականայ Այսօր Առաւօտեան

Յաջորդը

Ալի. «Մօտիկ Ապագային Լիբանանի Պատասխանատուներուն Հետ Պիտի Կայանան Շարք Մը Հանդիպումներ` Լուծելու Համար Կարգ Մը Հարցեր»

RelatedPosts

Քաց. «Հըզպալլայի Զինաթափումէն Առաջ Հարաւային  Լիբանանի Մէջ Ապահովական Գօտիէն Պիտի Չհեռանանք,  Պիտի Չնահանջենք Կամ Վերատեղակայում Պիտի Չկատարենք»
Գլխաւոր լուրեր

Քաց. «Հըզպալլայի Զինաթափումէն Առաջ Հարաւային Լիբանանի Մէջ Ապահովական Գօտիէն Պիտի Չհեռանանք, Պիտի Չնահանջենք Կամ Վերատեղակայում Պիտի Չկատարենք»

September 15, 2026
Շենքըր. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ  Շրջագծային Համաձայնութիւնը Իսրայէլեան  Ընտրութիւններէն Առաջ Պիտի Չվճռուի»
Լիբանանեան

Շենքըր. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Շրջագծային Համաձայնութիւնը Իսրայէլեան Ընտրութիւններէն Առաջ Պիտի Չվճռուի»

September 15, 2026
Լիբանան-Իսրայէլ Բանակցութիւնները`  Հոկտեմբերի՞ն
Լիբանանեան

Լիբանան-Իսրայէլ Բանակցութիւնները` Հոկտեմբերի՞ն

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.