Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Նոյեմբեր 8, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Նազիհ Նաժարին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները: Հանդիպումին ընթացքին շէյխ Քապալան հաստատեց արաբներուն եւ իսլամներուն կողմէ Եգիպտոսին զօրակցելու անհրաժեշտութիւնը:

ԸՆԹԱՑԱՒԱՐՏ կառավարութեան մէջ կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Էլիաս Ապու Սաապ մաղթեց, որ նախագահական նոր նստաշրջանը ըլլայ իշխանութեան երեք պետերուն միջեւ փոխըմբռնումի փուլ մը, որովհետեւ երկիրը քաղաքական յաւելեալ տարակարծութիւններ չի կրնար հանդուրժել:

ԸՆԹԱՑԱՒԱՐՏ կառավարութեան մէջ հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Պութրոս Հարպ յայտնեց, որ երկրի հաղորդակցութեան միջոցներու մարզը լիբանանեան պետութեան սեփականութիւնն է:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ Մոհամետ Ռաատ շեշտեց, որ նոր կազմուելիք կառավարութեան պարտականութիւնն է ընտրական նոր օրէնքի մը մշակումը:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Խրէյս հաստատեց, որ ազգային երկխօսութիւնը կարիք մըն է` հայրենիքը առաջնորդելու դէպի լաւագոյնը:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Նաուար Սահիլի կոչ ուղղեց կազմելու ընդարձակ կառավարութիւն մը, որ կը պարփակէ լիբանանեան ընկերութեան բոլոր շերտերուն ներկայացուցիչները:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ գործադիր իշխանութեան փոխնախագահ շէյխ Նեպիլ Քաուք յայտնեց, որ կառավարութեան կազմութեան առումով Հըզպալլան եւ Ամալ շարժումը միացեալ կեցուածք կը ցուցաբերեն:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ղասսան Մուխայպեր շեշտեց, որ կառավարութեան կազմութենէն ետք սահմանադրական կարեւորագոյն իրադարձութիւնը ընտրական նոր օրէնքի մշակումն է:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Միշել Մուսա յոյս յայտնեց, որ լիբանանեան քաղաքական բոլոր կողմերը դիւրացնեն կառավարութեան կազմութեան աշխատանքը:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մոհամետ Հաժժար շեշտեց, որ իրենք պատրաստ են եւ կը պնդեն երեսփոխանական ընտրութիւնները ճշդուած ժամկէտին կատարելու անհրաժեշտութիւնը:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ալեն Աուն շեշտեց, որ վարչապետ Սաատ Հարիրի լաւատես է խորհրդակցութիւններուն արդիւնքներով` աւելցնելով, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը հեզասահ դարձնելու տրամադրութիւն գոյութիւն ունի:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Եուսեֆ Սաատէ ընդգծեց, որ Մարատա հոսանքը կը պահանջէ ուժային նախարարութիւն մը, այլապէս կը մերժէ մաս կազմել կառավարութեան:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Հասան Եաագուպ դրուատեց երկրին մէջ տիրող դրական մթնոլորտն ու լաւատեսութիւնը` ընդգծելով, որ Լիբանանի «յարութիւն»-ը կարելի է ապահովել միայն ընտրական արդար օրէնքի մը մշակումով:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, կառավարութեան կազմութիւնը կախեալ է վարչապետ Սաատ Հարիրիի կողմէ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի պահանջներուն ընդառաջելու պատրաստակամութենէն:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթը` իր տեղեկութիւնները քաղելով հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի մօտիկ աղբիւրներէն, կը գրէ, թէ ան իւրաքանչիւր քրիստոնեայ նախարարի դիմաց իսլամ նախարար կը պահանջէ:

«ԱՆՊԱ» օրաթերթը կը գրէ, թէ վարչապետ Սաատ Հարիրի կը միտի երեսուն անդամնոց կառավարութիւն մը կազմել:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթը` իր տեղեկութիւնները քաղելով վարչապետ Սաատ Հարիրիի մօտիկ աղբիւրներէն, կը գրէ, թէ ան կ՛ուղղուի 30 նախարարէ բաղկացող կառավարութիւն մը կազմելու:

 

Նախորդը

Այսօր Միացեալ Նահանգներ Կ՛ընտրեն Իրենց Նախագահը

Յաջորդը

Զօր. Քահուաժի. «Եթէ Բանակը Չտոկար, Ապա Անկարելի Պիտի Ըլլար Նախագահական Ընտրութիւն Կատարել»

RelatedPosts

Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գլխաւոր լուրեր

Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Հոկտեմբեր 18, 2025
Բագրատունի. «Քաղաքական Ընտրանքները Հաստատ Են, Իսկ Ընտրական Դաշինքները Փոփոխական Շահեր Են»
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի. «Քաղաքական Ընտրանքները Հաստատ Են, Իսկ Ընտրական Դաշինքները Փոփոխական Շահեր Են»

Հոկտեմբեր 18, 2025
Սալամ Աունի Եւ Պըրրիի Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ Աունի Եւ Պըրրիի Այցելեց

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?