Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պըրրի. «Ելեւմուտքի Նախարարութիւնը Շիի Համայնքին Կը Պատկանի Եւ Այդ Մէկը Թաէֆի Համաձայնագիրով Ճշդուած Է»

November 8, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

berri_hamade_110716

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց երեսփոխան Մարուան Համատէն, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Պըրրիի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Քուէյթի դեսպան Ապտել Ալ Քանայի: Քննարկուեցան տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

Միւս կողմէ, Պըրրի հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ ինք չի նախատեսեր, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը խոչընդոտներ դիմագրաւէ` յոյս յայտնելով, որ երկրին մէջ տիրող դրական մթնոլորտը արտօնէ, որ կառավարութիւնը շուտով  կազմուի:

Պըրրի ընդգծեց նախարարաց խորհուրդի կազմութեան անհրաժեշտութիւնը` ընդգծելով, որ այդ հոլովոյթին պիտի յաջորդեն շատ աւելի կարեւոր հարցեր, ինչպէս` պետական ամավարկի վաւերացումը եւ երեսփոխանական ընտրութիւնները ճշդուած թուականին կայացնելու անհրաժեշտութիւնը:

Այս շրջագիծին մէջ Պըրրի շեշտեց, որ ինք կը զօրակցի համամասնական ընտրական օրէնքին, իսկ նախարարութիւններու հերթափոխութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով Պըրրի ըսաւ. «Բոլորը կը հաստատեն Թաէֆի համաձայնագիրին կառչած մնալու կարեւորութիւնը: Հետեւաբար պէտք է ընդգծել, որ Թաէֆի համաձայնագիրով ճշդուած է, թէ ելեւմուտքի նախարարութիւնը շիի համայնքին կը պատկանի»:

Խորհրդարանի նախագահը նշեց, որ ինք ոչ մէկ արգելք ունի, որ ուժային նախարարութիւններէն մէկը ստանձնէ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը:

ՊԸՐՐԻԻ կատարած այս յայտարարութեան լոյսին տակ, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ թուիթըրեան յայտարարութեամբ մը գրեց հետեւեալը. «Բարեկա՛մս, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի: Կը գնահատեմ այս օրերուն մեզի հանդէպ ցուցաբերած հոգատարութիւնդ, բայց եւ այնպէս պէտք է ի մտի ունենալ, որ յաւելեալ սէրը կրնայ սպաննել: Ինծի համար կարեւորը այս իշխանութեան յաջողութիւնն է եւ այդ նպատակով ճիգ պիտի չխնայեմ»:

ՄԻՒՍ կողմէ, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ ընկերային ցանցի շրջագիծին մէջ կատարեց հետեւեալ գրառումը. «Այս հանգրուանին ամէնէն կարեւորը այն է, որ օգտուինք համախոհական մթնոլորտէն եւ կազմենք նախարարաց խորհուրդը` հեռու մնալով կողմնակի բախումներու հաւանականութենէն»:

 

Նախորդը

«Զօր. Աունի Նախագահ Ընտրութիւնը Եւ Կազմուելիք Կառավարութիւնը Պիտի Փաստեն Լիբանանի Արաբական Ինքնութիւնը» Շեշտեց Վարչապետ Հարիրի

Յաջորդը

Նախագահ Աուն Եւ Զարիֆ Ընդգծեցին Երկկողմանի Յարաբերութիւնները Ամրապնդելու Եւ Ահաբեկչութեան Դէմ Միասնաբար Պայքարելու Անհրաժեշտութիւնը

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.