Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ շեշտեց, որ առանց քաղաքական հովանաւորութեան ամբողջական ապահովութիւն կարելի չէ հաստատել:
Ան հաստատեց, որ ապահովութիւնը կ՛ամբողջանայ, երբ բոլոր հաստատութիւնները գործեն, յատկապէս քաղաքական հաստատութիւնները:
Իպրահիմ ընդգծեց, որ ՏԱՀԵՇ-ի վտանգը առկայ է` հաստատելով, որ այդ իմաստով իրենք իրենց պարտականութիւնները կը կատարեն:
Ան նշեց նաեւ, որ ինք իբրեւ նախարար մաս պիտի չկազմէ նոր կառավարութեան: