Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Զօր. Աունի Նախագահ Ընտրութիւնը Եւ Կազմուելիք Կառավարութիւնը Պիտի Փաստեն Լիբանանի Արաբական Ինքնութիւնը» Շեշտեց Վարչապետ Հարիրի

Նոյեմբեր 8, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

hariri_gulf_110716

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդի անդամ երկիրներուն դեսպանները, որոնց ներկայութեան շեշտեց, որ զօր. Միշել Աունի հանրապետութեան նախագահ ընտրութիւնը եւ կազմուելիք կառավարութիւնը պիտի փաստեն Լիբանանի արաբական ինքնութիւնը եւ արաբական երկիրներուն, յատկապէս Ծոցի երկիրներու համագործակցութեան խորհուրդին հետ Լիբանանի յարաբերութիւնները պիտի վերադարձնեն իրենց սերտ վիճակին:

Հարիրի յայտնեց, որ նախագահ Աունի երդման ճառը լիբանանցիները հանգստացուցած է, յատկապէս ինչ  կը վերաբերի Արաբական լիկայի ուխտը յարգելուն եւ անոր անդամ երկիրներուն պարագային իրարու ներքին հարցերուն միջամուխ չդառնալուն:

Վարչապետ Հարիրի նշեց, որ բոլոր լիբանանցիներուն ծանօթ են արաբական երկիրներուն, յատկապէս Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդին կողմէ Լիբանանին տրամադրուած օժանդակութիւնները, բարգաւաճման ծրագիրներուն ֆինանսաւորումը, ինչպէս նաեւ երկրին վերաշինութեան անոնց բերած նպաստը:

«Մեր միջեւ եղբայրական յարաբերութիւնները առկայ են եւ անոնք հիմնուած են իւրաքանչիւր երկրի գերիշխանութեան նկատմամբ գոյութիւն ունեցող փոխադարձ յարգանքին վրայ», ըսաւ Հարիրի:

Իր կարգին, Լիբանանի մէջ Քուէյթի դեսպան Ապտել Ալ Քանայի յայտնեց, որ իրենք ուրախ են վարչապետ Հարիրիի հետ ունեցած իրենց հանդիպումին համար` աւելցնելով, որ շնորհաւորած են զինք եւ յաջողութիւն մաղթած անոր` վարչապետի պաշտօնին համար:

Քանայի ընդգծեց, որ Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդը կը զօրակցի Լիբանանին եւ ճիգ չի խնայեր անոր բարգաւաճումն ու ապահովական կայունութիւնը ապահովելու առումով:

«Հարիրիի ընդմէջէն մենք կը շնորհաւորենք նաեւ զօր. Աունի նախագահ ընտրութիւնը եւ կը խոստանանք նեցուկ կանգնիլ անոր», ըսաւ Քանայի` մաղթելով, որ Լիբանանի կառավարութիւնը մօտիկ ապագային կազմուի եւ ծառայէ լիբանանցի արժանապատիւ քաղաքացիներուն` հոգալով անոնց կարիքները եւ իրականացնելով ապահովական կայունութիւն ու տնտեսական բարգաւաճում:

ՆՇԵՆՔ, որ ընթացաւարտ կառավարութեան ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք երէկ բացայայտած է, թէ ֆրանսական իշխանութիւնները վարչապետ Հարիրիին յայտնած են Լիբանանի նիւթական օժանդակութեան նպատակով «Փարիզ 4» խորհրդաժողովը կայացնելու իրենց պատրաստակամութիւնը:

Նախորդը

Պուսթրոս Պալատին Մէջ. Զարիֆ Եւ Պասիլ Շեշտեցին Շրջանին Սպառնացող Վտանգները Միասնաբար Դիմագրաւելու Եւ Փոխադարձ Գործակցութիւնը Ամրապնդելու Կարեւորութիւնը

Յաջորդը

Պըրրի. «Ելեւմուտքի Նախարարութիւնը Շիի Համայնքին Կը Պատկանի Եւ Այդ Մէկը Թաէֆի Համաձայնագիրով Ճշդուած Է»

RelatedPosts

Ձմեռնային Ժամանակացոյց
Լիբանանեան

Ձմեռնային Ժամանակացոյց

Հոկտեմբեր 25, 2025
Նախագահ Աունի Հետ Հանդիպումին.  Հաժժար. «Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը Պատրաստ Է  Անկողմնակալ Եւ Թափանցիկ Երեսփոխանական Ընտրութիւններու
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աունի Հետ Հանդիպումին. Հաժժար. «Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը Պատրաստ Է Անկողմնակալ Եւ Թափանցիկ Երեսփոխանական Ընտրութիւններու

Հոկտեմբեր 25, 2025
Թրամփ Կը Բացայայտէ Իր Ուղղակի Դերակատարութիւնը Հըզպալլայի Դէմ Իսրայէլի Յարձակումներուն Մէջ
Լիբանանեան

Թրամփ Կը Բացայայտէ Իր Ուղղակի Դերակատարութիւնը Հըզպալլայի Դէմ Իսրայէլի Յարձակումներուն Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?