Լիբանանեան

Պասիլ Պուխարիէն  Ստացաւ Երկու Նամակներ

Պասիլ Պուխարիէն Ստացաւ Երկու Նամակներ

Ընթացաւարտ կառավարութեան արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ Պուսթրոս պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպանատան գործավար Ուալիտ Պուխարին, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի եւ շրջանին իրավիճակը: Պուխարի Պասիլին յանձնեց երկու նամակներ, որոնցմէ առաջինը Սէուտական Արաբիոյ իշխանութիւններէն ուղղուած էր Պասիլի, իսկ երկրորդը` Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Ատել Ժուպէյրէն:

Պքերքէի Մէջ.  Ռայի Պատրիարքը Ընդունեց Սամի Ժեմայէլը

Պքերքէի Մէջ. Ռայի Պատրիարքը Ընդունեց Սամի Ժեմայէլը

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ ընդունեց Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Միւս կողմէ, Ժեմայէլ լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ կառավարութեան մաս կազմելու Փաղանգաւոր կուսակցութեան որոշումը կախեալ է նախարարաց խորհուրդի կազմութեան աշխատանքի եղանակէն` աւելցնելով, որ եթէ նպատակը քաղաքական բոլոր ուժերուն համահաւասար մասնակցութիւնն է եւ բոլորին միջեւ յարգանքի պահպանումը, ապա...

Հանրապետութեան Հանդիպումը  Կոչ Ուղղեց Նախարարութիւններուն  Հերթափոխութեան Եւ Կիները Մասնակից  Դարձնելու Կառավարութեան

Հանրապետութեան Հանդիպումը Կոչ Ուղղեց Նախարարութիւններուն Հերթափոխութեան Եւ Կիները Մասնակից Դարձնելու Կառավարութեան

Հանրապետութեան նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ Եարզէի իր բնակարանին մէջ նախագահեց Հանրապետութեան հանդիպումի նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները: Նիստին ընթացքին շեշտուեցաւ, որ պէտք է կառավարութեան կազմութեան պարագային նախարարութիւններու հերթափոխութիւն կատարել, կիները մասնակից դարձնել կառավարութեան, ինչպէս նաեւ օրէնսդրական պատասխանատուութիւնը անջատել գործադիր աշխատանքէն: Հանրապետութեան հանդիպումը կոչ ուղղեց կազմելու ազգային միասնականութեան կառավարութիւն մը, որ ընդգրկէ Լիբանանը բաղկացնող քաղաքական բոլոր ուժերը:  

Եգիպտոսի Դեսպանը Կ՛այցելէ  Աուտէ Եւ Մաթար Եպիսկոպոսներուն

Եգիպտոսի Դեսպանը Կ՛այցելէ Աուտէ Եւ Մաթար Եպիսկոպոսներուն

Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Նազիհ Նաժարի երէկ այցելեց յոյն ուղղափառ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոսին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները: Հանդիպումէն ետք Նաժարի յայտնեց, որ Աուտէ եպիսկոպոսին հետ իր հանդիպումը եղած է կարեւոր, որովհետեւ ան հոգեւորական է եւ իմաստասէր: Նաժարի դրուատեց Աուտէ եպիսկոպոսին մարդասիրական մօտեցումը եւ բոլոր հարցերուն պարագային մարդկային արժէքներով առաջնորդուելու իրողութիւնը: Միւս կողմէ, Նաժարի հանդիպում...

Թլայս. «Ինքնաշարժներու Մեքանիզմը  Ստուգող Չորս Կեդրոնները Փակ Պիտի Մնան»

Ցամաքային Փոխադրութեան Սենտիքաներու Համադաշնակցութիւնը Երեքշաբթի Օր Գործադուլ Կը Յայտարարէ

Ցամաքային փոխադրութեան սենտիքաներու համադաշնակցութեան նախագահ Պասսամ Թլայս յայտնեց, որ համադաշնակցութիւնն ու Հանրութեան փոխադրութեան յատուկ ինքնաշարժներու վարորդներու համադաշնակցութիւնը երեքշաբթի, 15 նոյեմբեր 2016-ին գործադուլ յայտարարած են` աւելցնելով, թէ իրենք պիտի կատարեն ցոյց մը, որուն ընթացքին պետութենէն պիտի պահանջեն ինքնաշարժներու մեքանիզմի ստուգման տուրքերու անմիջական ջնջումը: Թլայս յայտնեց, որ երեքշաբթի, 15 նոյեմբերին ցոյց-քայլարշաւը պիտի սկսի Քոլայէն եւ պիտի հասնի Համրա, ներքին գործոց նախարարութեան կեդրոն,...

«Դատական Իշխանութիւնները Ամէն Գնով  Պէտք Է «Ազատագրել»  Քաղաքական Կողմնակալութենէ»  Շեշտեց Նախագահ Աուն

«Դատական Իշխանութիւնները Ամէն Գնով Պէտք Է «Ազատագրել» Քաղաքական Կողմնակալութենէ» Շեշտեց Նախագահ Աուն

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Պէյրութի իրաւաբաններու սենտիքայէն պատուիրակութիւն մը, գլխաւորութեամբ` սենտիքայի նախագահ Անթոնիօ Հաշեմի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան սենտիքային աշխատանքները, ինչպէս նաեւ դատական իշխանութիւններուն պարզած իրավիճակը: Նախագահ Աուն շեշտեց, որ դատական իշխանութիւնները ամէն գնով պէտք է «ազատագրել» քաղաքական կողմնակալութենէ` ընդգծելով, որ երկրին տարբեր հաստատութիւններուն միջեւ պէտք է ստեղծել հզօր կապեր, ինչպէս նաեւ ամրապնդել փոխադարձ գործակցութիւնը:...

Վարչապետ Հարիրի Շնորհաւորեց Թրամփը

Վարչապետ Հարիրի Շնորհաւորեց Թրամփը

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Չաղաթայ Էրճիյէշը, որ յայտնեց, թէ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի եւ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմի շնորհաւորութիւնները յայտնած է Հարիրիին: Էրճիյէշ մաղթեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը շուտով կազմուի` գնահատելով երկրին մէջ տիրող քաղաքական դրական մթնոլորտը, որուն իբրեւ արդիւնք կարելի եղաւ զօր. Միշել Աունը հանրապետութեան նախագահ ընտրել: Ան յայտնեց, որ...

Հաղորդակցութեան Միջոցներու Խորհրդարանական  Յանձնախումբը Շարունակեց Քննարկել  Ապօրինի Համացանցի Թղթածրարը  Եւ Անոր Վերաբերող Դատական Հետապնդումները

Հաղորդակցութեան Միջոցներու Խորհրդարանական Յանձնախումբը Շարունակեց Քննարկել Ապօրինի Համացանցի Թղթածրարը Եւ Անոր Վերաբերող Դատական Հետապնդումները

Տեղեկատուութեան եւ հաղորդակցութեան միջոցներու հարցերու խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Հասան Ֆատլալլա նախագահեց յանձնախումբի նիստին` ներկայութեամբ ընթացաւարտ կառավարութեան հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Պութրոս Հարպի, ինչպէս նաեւ ընդհանուր դատախազ Սամիր Համմուտի: Նիստէն ետք տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Ֆատլալլա շեշտեց, որ յանձնախումբը կը շարունակէ կատարեալ պատասխանատուութեամբ եւ լրջութեամբ քննարկել ապօրինի համացանցի թղթածրարը, որպէսզի կարելի ըլլայ համապատասխան արդիւնքներու յանգիլ: Ֆատլալլա յայտնեց, որ համացանցի...

Պասիլ. «Լիբանանը Արտերկրի Բոլոր  Լիբանանցիներուն Մօտեցնելը Մեր  Հիմնական Պատասխանատուութիւնն Է»

Պասիլ. «Լիբանանը Արտերկրի Բոլոր Լիբանանցիներուն Մօտեցնելը Մեր Հիմնական Պատասխանատուութիւնն Է»

Ընթացաւարտ կառավարութեան արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ կէսօրին Պուսթրոս պալատին մէջ հրաւիրեց մամլոյ ասուլիսի մը, որուն ընթացքին յայտարարեց արտաքին գործոց նախարարութեան համացանցային ծառայութեանց մատուցման դրութիւնը: Ան նշեց, որ այդ ծրագիրը տեսակարար պիտի ըլլայ այն իմաստով, որ զիրենք դուրս պիտի բերէ սովորական ընթացքէն եւ պահպանելով հանդերձ գաղտնապահութիւնը` նուազագոյն ծախսով եւ արագ կերպով պիտի գործէ, արտերկրի լիբանանցիներուն...

Հըզպալլա Եւ Մուսթաքպալ Քննարկած Են  Լիբանանի Ապահովական Կացութիւնը  Եւ Կառավարութեան Աշխատանքները

Հըզպալլա Եւ Մուսթաքպալ Կոչ Կ՛ուղղեն Արագացնելու Կառավարութեան Կազմութեան Հոլովոյթը

Հըզպալլայի եւ Մուսթաքպալ հոսանքին միջեւ նախանցեալ երեկոյեան Այն Թինէի մէջ գումարուեցաւ երկխօսութեան 36-րդ նիստը, որուն ներկայ գտնուեցան Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի քաղաքական հարցերու օգնական Հաժ Հիւսէյն Խալիլ, ընթացաւարտ կառավարութեան ճարտարարուեստի նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան, Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Հասան Ֆատլալլա, Մուսթաքպալ հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սաատ Հարիրիի խորհրդատու Նատեր Հարիրի, ընթացաւարտ կառավարութեան ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք, Մուսթաքպալ պլոքի երեսփոխան Սամիր Ժսըր,...

Ժոմպլաթ. «Կառավարութեան Կազմութեան  Հոլովոյթին Ամէնէն Կարեւոր  Բաղադրիչը Ճշգրիտ «Նշանառութիւն»-ն Է»

Ժոմպլաթ. «Կառավարութեան Կազմութեան Հոլովոյթին Ամէնէն Կարեւոր Բաղադրիչը Ճշգրիտ «Նշանառութիւն»-ն Է»

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ երէկ առաւօտեան կատարեց թուիթըրեան հետեւեալ գրառումը. «Կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին ամէնէն կարեւոր բաղադրիչը ճշգրիտ «նշանառութիւն»-ն է»: Կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը քննարկելու շրջագիծին մէջ Ժոմպլաթ նախանցեալ երեկոյեան այցելեց վարչապետ Սաատ Հարիրիի Կեդրոնական Պէյրութի բնակարանը, ընկերակցութեամբ` երեսփոխան Մարուան Համատէի եւ ներկայութեամբ` նախկին երեսփոխան Ղաթթաս Խուրիի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան քաղաքական ներկայ իրադարձութիւնները եւ կառավարութեան կազմութեան վերաբերող մանրամասնութիւնները:...

Նաքուրայի Եռակողմանի Նիստը Կը Քննարկէ  Թիւ 1701 Բանաձեւի Գործադրութիւնը, Լիբանանեան  Գերիշխանութեան Դէմ Իսրայէլեան  Ոտնձգութիւնները Եւ Կապոյտ Գիծի Խախտումները

Նաքուրայի Եռակողմանի Նիստը Կը Քննարկէ Թիւ 1701 Բանաձեւի Գործադրութիւնը, Լիբանանեան Գերիշխանութեան Դէմ Իսրայէլեան Ոտնձգութիւնները Եւ Կապոյտ Գիծի Խախտումները

Երէկ առաւօտեան կանուխ ժամերուն, Ռաս Նաքուրայի ՖԻՆԻՒԼ-ի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ եռակողմանի զինուորական հանդիպում մը` լիբանանցի եւ իսրայէլացի սպաներու եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն միջեւ, նախագահութեամբ` ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերու հրամանատար զօր. Մայքըլ Պերիի: Նիստին ընթացքին քննարկուեցան ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւը գործադրելու անհրաժեշտութիւնը եւ վերջին շրջանին իսրայէլեան օդուժին կողմէ լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ գործուած ոտնձգութիւնները, սահմանային Կապոյտ գիծի խախտումները, ինչպէս նաեւ հիւսիսային Ղաժարէն...

Ապու Սաապ. «Աքքարի Մէջ Ռամի Հիւսէյն  Անունով Աշակերտը Խոշտանգած  Ուսուցիչը Գործէ Արձակուած Է»

Ապու Սաապ. «Աքքարի Մէջ Ռամի Հիւսէյն Անունով Աշակերտը Խոշտանգած Ուսուցիչը Գործէ Արձակուած Է»

Ընթացաւարտ կառավարութեան կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Էլիաս Ապու Սաապ յայտնեց, որ Աքքարի Խրայպեթ Ժունտի պետական դպրոցի աշակերտ Ռամի Հիւսէյնի ընտանիքին կողմէ նախարարութեան ներկայացուած բողոքին լոյսին տակ նախարարութիւնը փաստած է, թէ դպրոցի ուսուցիչներէն Ալի Օ. իսկապէս խոշտանգած է աշակերտը, հետեւաբար նախարարութիւնը դիմած է համապատասխան քայլերուն: Ապու Սաապ շեշտեց, որ աշակերտներուն խոշտանգումը արգիլելու իմաստով նախարարութիւնը յստակ որոշումներ տուած է` ցաւ յայտնելով,...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Էլիզապեթ Ռիչըրտ մեկնեցաւ Ուաշինկթըն: ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան նախկին նախագահ Ամին Ժեմայէլ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունէն պահանջեց գործադրել իր երդման ճառը, իսկ վարչապետ Սաատ Հարիրիէն պահանջեց կազմել հաւասարակշռուած կառավարութիւն մը: ԸՆԹԱՑԱՒԱՐՏ կառավարութեան զբօսաշրջութեան նախարար Միշել Ֆարաոն ընդգծեց Լիբանանի բարգաւաճումը ապահովող կառավարութեան մը կազմութեան անհրաժեշտութիւնը: ԸՆԹԱՑԱՒԱՐՏ կառավարութեան ճարտարարուեստի նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան կոչ ուղղեց հանրապետութեան նախագահ զօր....

Նախագահ Աուն Շարունակեց Ընդունիլ  Շնորհաւորութիւնները, Ինչպէս Նաեւ Հանդիպումներ  Ունեցաւ Յունաստանի Եւ Կիպրոսի  Արտաքին Գործոց Նախարարներուն Հետ

Նախագահ Աուն Շարունակեց Ընդունիլ Շնորհաւորութիւնները, Ինչպէս Նաեւ Հանդիպումներ Ունեցաւ Յունաստանի Եւ Կիպրոսի Արտաքին Գործոց Նախարարներուն Հետ

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Յունաստանի եւ Կիպրոսի արտաքին գործոց նախարարներ Նիքոս Քոցիասը եւ Լոանիաս Քասուլիտեսը, ներկայութեամբ` ընթացաւարտ կառավարութեան արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլի: Հանդիպումին ընթացքին Քոցիաս եւ Քասուլիտես Յունաստանի եւ Կիպրոսի նախագահներուն շնորհաւորութիւնները յայտնեցին նախագահ Աունին` անոր ընտրութեան առիթով: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի, Կիպրոսի եւ Յունաստանի միջեւ միացեալ հարցերը, եւ...

Պասիլ Իր Կիպրացի Եւ Յոյն Պաշտօնակիցներուն  Հետ Քննարկեց Փոխադարձ Գործակցութիւնը  Ամրապնդելու Հեռանկարները

Պասիլ Իր Կիպրացի Եւ Յոյն Պաշտօնակիցներուն Հետ Քննարկեց Փոխադարձ Գործակցութիւնը Ամրապնդելու Հեռանկարները

Ընթացաւարտ կառավարութեան արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ Պուսթրոս պալատին մէջ ընդունեց Յունաստանի եւ Կիպրոսի արտաքին գործոց նախարարներ Նիքոս Քոցիասը եւ Լոանիաս Քասուլիտեսը: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան փոխադարձ գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները: Անոնք քննարկեցին նաեւ շրջանային եւ միջազգային հարցերու մասին իրենց արտայայտած տեսակէտները, յատկապէս Միջին Արեւելքի զարգացումներուն առումով եւ համաձայնեցան, որ Միջին Արեւելքը շրջան մըն է, ուր կարելի...

Պըրրի. «Կառավարութիւնը Ամէնէն  Արագ Ժամանակամիջոցին Կազմելու Լրջութիւն Կայ»

Պըրրի. «Կառավարութիւնը Ամէնէն Արագ Ժամանակամիջոցին Կազմելու Լրջութիւն Կայ»

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ նախագահեց չորեքշաբթի օրուան երեսփոխանական հանդիպումին, որուն ընթացքին յոյս յայտնեց, որ կառավարութիւնը կազմուի նախքան Լիբանանի Անկախութեան տօնը: Ան նշեց, որ կառավարութիւնը ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին կազմելու լրջութիւն կայ, որպէսզի կարելի ըլլայ աշխատանքի անցնիլ, վաւերացնել ընտրական նոր օրէնք մը եւ լուծել երկրին կենսական հարցերը: Պըրրի հաստատեց, որ ընտրական նոր օրէնքը պէտք է հիմնուի համամասնական դրութեան...

Յորդանանի Մէջ.  Դոկտ. Մարալ Կիտանեան Կը Պարգեւատրուի  Եւ Բացումը Կը Կատարէ Վիճակագրութեան  Ու Հետազօտութեան Արաբական Հիմնարկի Նոր Կեդրոնին

Յորդանանի Մէջ. Դոկտ. Մարալ Կիտանեան Կը Պարգեւատրուի Եւ Բացումը Կը Կատարէ Վիճակագրութեան Ու Հետազօտութեան Արաբական Հիմնարկի Նոր Կեդրոնին

Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութեան ընդհանուր տնօրէն եւ Վարժանքի, վիճակագրութեան ու հետազօտութեան արաբական հիմնարկի նախագահ դոկտ. Մարալ Կիտանեան երէկ Յորդանանի մէջ նախագահեց հիմնարկի քարտուղարներու խորհուրդի 41-րդ ժողովին: Ժողովը հովանաւորեց ծրագրաւորումի եւ միջազգային գործակցութեան Յորդանանի նախարար Իմատ Նաժիպ Ֆախուրին` ներկայութեամբ արաբական երկիրներու վիճակագրութեան կառոյցներու պատասխանատուներուն, ինչպէս նաեւ Վարժանքի, վիճակագրութեան ու հետազօտութեան արաբական հիմնարկի վարչութեան: Ժողովին բացման հանդիսութեան ընթացքին Վարժանքի, վիճակագրութեան ու հետազօտութեան արաբական...

Վարչապետ Հարիրի Ռիչըրտի Հետ Քննարկեց  Երկկողմանի Յարաբերութիւնները

Վարչապետ Հարիրի Ռիչըրտի Հետ Քննարկեց Երկկողմանի Յարաբերութիւնները

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Էլիզապեթ Ռիչըրտը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, լիբանանեան-ամերիկեան յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութեան արդիւնքները: Հարիրի ընդունեց նաեւ Լիբանանի եւ Սուրիոյ աւետարանական համայնքի հոգեւոր պետ վեր. Սելիմ Սահիունին` ներկայութեամբ երեսփոխան Պասեմ Շապի: Հանդիպումին ընթացքին Շապ յայտնեց, որ նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի եւ...

Լիբանանի Կիներու Ազգային Խորհուրդը  Պահանջեց Կնոջ Լիիրաւ Մասնակցութիւնը`  Ազգային Որոշումներ Տալու Պաշտօններուն

Լիբանանի Կիներու Ազգային Խորհուրդը Պահանջեց Կնոջ Լիիրաւ Մասնակցութիւնը` Ազգային Որոշումներ Տալու Պաշտօններուն

Լիբանանի կիներու ազգային խորհուրդի դիւանը երէկ Պաապտայի իր կեդրոնին մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը, որմէ ետք հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ խորհուրդը կը շնորհաւորէ հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը` գնահատելով ազգային երկխօսութիւնը, որուն իբրեւ արդիւնք կարելի եղաւ զօր. Միշել Աունը ընտրել նախագահ: Լիբանանի կիներու ազգային խորհուրդը ողջունեց Մուսթաքպալ հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սաատ Հարիրիի վարչապետ նշանակումը` դրուատելով ազգային միասնականութեան կառավարութիւն կազմելու անոր ջանքերը:...

Page 783 of 986 1 … 782 783 784 … 986

Արխիւներ