Թաուհիտ հոսանքի նախագահ, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ երէկ յայտարարեց Թաուհիտի ջոկատները` նշելով, որ անոնք զինուորական կամ ապահովական ջոկատներ չեն եւ անոնց նպատակը բռնարարքներ գործադրել չէ:
Ուահապ նշեց, որ Թաուհիտի ջոկատները քաղաքացիական են եւ կը մերժեն զէնքի օգտագործումը` բացի երբ անիկա ինքնապաշտպանութեան համար է:
Ուահապ նշեց, որ այդ ջոկատները կրնան նաեւ զէնքի ուժին դիմել բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն օժանդակելու ընթացքին, եթէ իսրայէլեան յարձակում մը կատարուի, որովհետեւ անոնք կը նկատուին Դիմադրութեան մէկ թեւը:
Ժահիլիէի մէջ Թաուհիտ հոսանքի կազմակերպած ձեռնարկին ընթացքին այդ ջոկատները տողանցեցին, իսկ Ուահապ ընդգծեց, որ այդ ջոկատներուն անդամները պիտի գտնուին ամբողջ Լիբանանի տարածքին:
Այս շրջագիծին մէջ Ուահապ ողջունեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունը` հաստատելով, որ Աունի պիտի զօրակցին` այնքան ատեն որ ան կը պայքարի փտածութեան դէմ:
Ուահապ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթին, Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլանին եւ նախկին երեսփոխան Ֆայսալ Տաուտին կոչ ուղղեց համախմբուելու: