Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն Սէուտական Արաբիոյ Թագաւորէն Կը Ստանայ Ռիատ Այցելութեան Պաշտօնական Հրաւէր

Նոյեմբեր 22, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

aoun_saudiprince_112116

Սէուտական Արաբիան ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կազմեցին Սէուտական Արաբիոյ Սալման պըն Ապտել Ազիզ թագաւորի անձնական պատուիրակ` Մեքքայի Խալետ Ֆայսալ իշխանը եւ արտաքին գործոց նախարար Նիզար Մատանին, երէկ պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Լիբանան:

Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ պատուիրակութիւնը դիմաւորուեցաւ ընթացաւարտ կառավարութեան արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի եւ Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպանատան գործավար Ուալիտ Պուխարիի կողմէ:

Սէուտական պատուիրակութիւնը իսկոյն ուղղուեցաւ Պաապտա, ուր հանդիպում մը ունեցաւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն շեշտեց լիբանանեան-սէուտական յարաբերութիւններու ամրապնդումին նկատմամբ Լիբանանի յանձնառութիւնը: Ան բարձր գնահատեց Սալման պըն Ապտել Ազիզ թագաւորին կեցուածքները Լիբանանի նկատմամբ` շեշտելով, որ արաբական հարցերու լուծման առումով Լիբանան մնայուն կերպով լաւ դերակատարութիւն ունեցած է եւ պիտի շարունակէ պահպանել իր այդ դերակատարութիւնը:

Հանդիպումէն ետք Ֆայսալ իշխանը յայտնեց, որ նախագահ Աունին յանձնած է Սէուտական Արաբիոյ թագաւորին կողմէ յղուած երկու նամակներ, որոնցմէ առաջինին մէջ հանրապետութեան նախագահին ընտրութեան առիթով կ՛ուղղուին ողջոյնի եւ շնորհաւորանքի խօսքեր ու բարեմաղթութիւններ, իսկ երկրորդը` նախագահ Աունին հրաւէր մըն է մօտիկ ապագային այցելելու իր երկրորդ երկիր Սէուտական Արաբիան:

Ֆայսալ իշխանը աւելցուց, որ նախագահ Աուն հաստատած է, որ այդ հրաւէրին պիտի ընդառաջէ` երկրին կառավարութեան կազմութենէն անմիջապէս ետք:

Այն Թինէի Մէջ

berri_saudi_prince_112116

Սէուտական պատուիրակութիւնը ուղղուեցաւ նաեւ Այն Թինէ, ուր ընդունուեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի կողմէ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան տեղական եւ միջինարեւելեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Սալամի Մօտ

Սէուտական պատուիրակութիւնը այցելեց նաեւ ընթացաւարտ կառավարութեան վարչապետ Թամմամ Սալամի: Քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

Հանդիպում` Հարիրիի Հետ

hariri_faysal_112116

Վարչապետ Սաատ Հարիրի Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ ընդունեց սէուտական պատուիրակութիւնը:

Հանդիպումէն ետք Հարիրի ընթրիք մը սարքեց ի պատիւ իշխան Ֆայսալի եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութեան:

Ֆայսալ իշխանը իր խօսքին մէջ շեշտեց, որ իրեն համար պատիւ է քաղաքական անձնաւորութիւններուն հետ ունեցած տեսակցութիւնը:

Ֆայսալ իշխանը Սալման պըն Ապտել Ազիզ թագաւորին ողջոյնները փոխանցեց ներկաներուն եւ շնորհաւորեց Լիբանանի Անկախութեան տօնը` լիբանանցիներուն յայտնելով իր բարեմաղթութիւնները:

Ան նշեց, որ նախագահ Աունին յանձնած է Սէուտական Արաբիոյ թագաւորէն երկու նամակ` անոր ընտրութիւնը շնորհաւորելու եւ զայն Սէուտական Արաբիա հրաւիրելու:

Ֆայսալ իշխանը յայտնեց, որ իրենք կը հպարտանան Լիբանանով` աւելցնելով, որ լիբանանցիները կը գործեն ի խնդիր իրենց երկրին յաղթանակին` շրջանցելով բոլոր դժուարութիւններն ու խոչընդոտները եւ աշխարհին փաստելով, որ անկարելին կերտելու Լիբանանի կամքն ու կարողութիւնը անսահման են:

Հարիրի իր կարգին յայտնեց, որ Լիբանանի եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները շատ աւելի խոր են, եւ դիւրին չէ անոնց սպառնալ: «Այս է լիբանանցիներուն իսկական պատգամը եւ այս է անոնց խիղճը` Սէուտական Արաբիոյ թագաւորին նկատմամբ», ըսաւ ան:

Հարիրի նշեց նաեւ, որ Ֆայսալ իշխանին կողմէ Լիբանանի Անկախութեան տօնի սեմին Պէյրութ կատարուած այցելութիւնը կը փաստէ, թէ Ռիատ կը զօրակցի Լիբանանի անկախութեան եւ անոր բարգաւաճումին:

Ընթրիքէն ետք Սալման պըն Ապտել Ազիզ թագաւորի անձնական պատուիրակը մեկնեցաւ Ժետտա:

Ֆայսալ իշխանը ճամբելու նպատակով Պէյրութի միջազգային օդակայան ուղղուեցաւ նախագահ Աունի ներկայացուցիչ, նախարար Էլիաս Ապու Սաապ:

 

 

Նախորդը

Զօր. Քահուաժի. «Նախագահ Աունի Ընտրութիւնը Նոր Էջ Մը Բացած Է»

Յաջորդը

Լիբանանի Անկախութեան 73-Ամեակին Առիթով Ծաղկեպսակներու Զետեղում` Անկախութիւնը Կերտած Անձնաւորութիւններուն Շիրիմներուն

RelatedPosts

Այսօր Խորհրդարանի Նիստ. Շարք Մը Պլոքներ Նիստը Պոյքոթի Կ՛ենթարկեն
Գլխաւոր լուրեր

Այսօր Խորհրդարանի Նիստ. Շարք Մը Պլոքներ Նիստը Պոյքոթի Կ՛ենթարկեն

Հոկտեմբեր 28, 2025
Նախագահ Աուն. «Արտերկրի Լիբանանցիները Իրաւունք Ունին Քաղաքական Կեանքին Մասնակցելու»
Լիբանանեան

Նախագահ Աուն. «Արտերկրի Լիբանանցիները Իրաւունք Ունին Քաղաքական Կեանքին Մասնակցելու»

Հոկտեմբեր 28, 2025
Վատիկան Լեւոն ԺԴ.-ի Այցելութեան Ծրագիրը Հրապարակեց
Գլխաւոր լուրեր

Վատիկան Լեւոն ԺԴ.-ի Այցելութեան Ծրագիրը Հրապարակեց

Հոկտեմբեր 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?