Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քաթարցի Պատուիրակը Նախագահ Աունին Յայտնեց Լիբանանի Նկատմամբ Զօրակցութիւնը Եւ Անոր Յանձնեց Տոհա Այցելութեան Հրաւէր Մը

Նոյեմբեր 24, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

aoun_qatar_112316

Քաթարի շէյխ Թամիմ պըն Համատ Ալ Թանի իշխանի յատուկ պատուիրակ, արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ պըն Ապտել Ռահման Ալ Թանի երէկ պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Լիբանան:

Ապտել Ռահման Ալ Թանի Պէյրութի միջազգային օդակայանէն ուղղուեցաւ Պաապտա, ուր ընդունուեցաւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի կողմէ:

Հանդիպումէն ետք քաթարցի պատուիրակը հաստատեց, որ նախագահ Աունին յանձնած է Տոհա այցելութեան հրաւէր մը` ուղղուած Թամիմ պըն Համատ Ալ Թանի իշխանին կողմէ:

Ապտել Ռահման Ալ Թանի շնորհաւորեց լիբանանցիները նախագահական ընտրութիւն կատարելու առիթով եւ մաղթեց, որ Լիբանանի նախագահական թափուր դրութեան աւարտը ըլլայ առիթ մը երկրին վերադարձնելու իր ապահովական կայունութիւնը, ինչպէս նաեւ կազմելու երկրին կառավարութիւնը, որպէսզի երկիրը իր բնականոն հունին մէջ մտնէ:

Ան շեշտեց, որ լիբանանեան-քաթարեան յարաբերութիւնները պիտի շարունակուին, աւելցնելով, որ Քաթար մնայուն կերպով կը զօրակցի Լիբանանին:

Ապտել Ռահման Ալ Թանի Այն Թինէի մէջ ընդունուեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի կողմէ:

Հանդիպումէն ետք քաթարցի պատուիրակը նշեց, որ Պըրրիին փոխանցած է Քաթարի իշխանին ողջոյնները:

Ան դարձեալ շնորհաւորեց լիբանանցիները` նախագահական ընտրութիւն կատարելու առումով, շեշտելով, որ նախագահական աթոռի թափուր դրութիւնը նման էր այն տագնապին, որ լուծուեցաւ Տոհայի համաձայնութեամբ:

«Մենք կը զօրակցինք լիբանանցիներուն, եւ Լիբանանին նեցուկ կանգնելու Քաթարի սկզբունքները հաստատ են», շեշտեց Ապտել Ռահման Ալ Թանի:

Ան մաղթեց, որ Լիբանան ամէնէն արագ միջոցին վերագտնէ իր կայունութիւնը:

Քաթարցի պատուիրակը այցելեց նաեւ Մուսայթպէ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ ընթացաւարտ կառավարութեան վարչապետ Թամմամ Սալամի հետ:

Պուսթրոս պալատին մէջ Ապտել Ռահման Ալ Թանի հանդիպում մը ունեցաւ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի հետ:

Հանդիպումէն ետք տրուած մամլոյ միացեալ ասուլիսի մը ընթացքին Պասիլ յայտնեց, որ Քաթար մնայուն կերպով բարիք գործած է Լիբանանին, յատկապէս 2006-ի յուլիսեան պատերազմէն ետք, Տոհայի խորհրդաժողովին ընթացքին, ինչպէս նաեւ տնտեսական եւ նիւթական հսկայական օժանդակութիւններու ընդմէջէն:

Պասիլ նշեց, որ ապագային Լիբանանի եւ Քաթարի միջեւ գործակցութիւնը աւելի սերտ պիտի ըլլայ` նկատի ունենալով կազի եւ քարիւղի Լիբանանի հարստութիւնը եւ այդ մարզին մէջ Քաթարի փորձառութիւնը:

Ան աւելցուց, որ Ապտել Ռահման Ալ Թանիի հետ քննարկած է նաեւ լիբանանեան բանակը զինելու անհրաժեշտութիւնը, որպէսզի վերջինս կարենայ շարունակել ահաբեկչութեան դէմ իր պայքարը:

«Քննարկեցինք նաեւ սուրիացի գաղթականներուն տագնապը եւ շնորհակալութիւն յայտնեցինք Քաթարի ցուցաբերած հասկացողութեան համար, ինչպէս նաեւ անոր օժանդակութիւնը խնդրեցինք` գաղթականներու տունդարձին առումով», ըսաւ Պասիլ:

Պասիլ մաղթեց, որ Լիբանանի եւ Քաթարի միջեւ յարաբերութիւնները վերադառնան իրենց հեզասահ ընթացքին:

Իր կարգին, քաթարցի պատուիրակը հաստատեց, որ Տոհա բարձր կը գնահատէ ինքզինք շրջանի տագնապներէն զերծ կացուցելու Լիբանանի քաղաքականութիւնը:

Ան յոյս յայտնեց, որ կառավարութիւնը շուտով կազմուի եւ Լիբանան վերագտնէ իր տնտեսական կայունութիւնը, ինչպէս նաեւ դառնայ Ծոցի երկիրներուն զբօսաշրջութեան գլխաւոր կեդրոնը:

Ապտել Ռահման Ալ Թանի հաստատեց, որ Լիբանանի եւ Ծոցի երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները ամրապնդելու առումով դրական շարժում գոյութիւն ունի:

Քաթարցի պատուիրակը այցելեց նաեւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի, որ Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ ընթրիք մը սարքեց ի պատիւ Քաթարի արտաքին գործոց նախարարին:

Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք, ինչպէս նաեւ Հարիրիի խորհրդատուներ Պասեմ Սապաա, Ղաթթաս Խուրի եւ Նատեր Հարիրի:

Հանդիպումէն ետք Ապտել Ռահման Ալ Թանի Հարիրին ողջունեց նախագահ Աունի թեկնածութիւնը որդեգրելու իր յանդուգն քայլին համար, որովհետեւ այդ նախաձեռնութեան շնորհիւ կարելի եղաւ նախագահական թափուր դրութեան վերջ տալ:

Ան յոյս յայտնեց, որ Հարիրի մօտիկ ապագային յայտարարէ կառավարութեան նոր կազմը` աւելցնելով, որ պէտք է սահմանադրական հաստատութիւնները վերադարձնել իրենց աշխատանքներուն եւ աշխուժութեան:

«Մենք կը շարունակենք զօրակցիլ Լիբանանի կառավարութեան եւ յաջողութիւն կը մաղթենք Հարիրիին: Համոզուած ենք, որ Լիբանան պիտի ունենայ հզօր եւ արաբական երկիրներուն զօրակցող կառավարական կազմ մը», շեշտեց ան:

Իր կարգին, Հարիրի յայտնեց, որ Ծոցի երկիրներուն կողմէ Լիբանանի նկատմամբ առնուած քայլերը ցոյց կու տան, որ անոնց համար Լիբանան վերադարձը առկայ է: «Զօր. Միշել Աունը հանրապետութեան նախագահ ընտրելէ ետք Լիբանանի եւ լիբանանցիներուն նկատմամբ յոյս յայտնուեցաւ, իսկ Ծոցի երկիրներուն յոյս ներշնչուեցաւ, որ Լիբանան վերականգնելու կարողութիւն ունի», ըսաւ ան:

Երեկոյեան ժամը շուրջ 9:15-ին, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ ուղղուեցաւ «Ֆենիսիա» պանդոկ` Ապտել Ռահման Ալ Թանիի նստավայրը, ուր տեղի ունեցաւ հանդիպում մը, որուն ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Քաթարցի պատուիրակին հետ հանդիպումներ ունեցան նաեւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ եւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ:

Ուշ գիշերին քաթարցի պատուիրակը լրագրողներուն հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ քաթարցիներուն Լիբանան այցելութիւնը արգիլող քաթարեան պաշտօնական որոշում գոյութիւն չունի, աւելցնելով, որ Քաթար այցելող լիբանանցիներուն թիւը իր կարգին աճ կ՛արձանագրէ:

 

 

Նախորդը

Պըրրի. «Յոյսով Ենք, Որ Կառավարութեան Կազմութեան Հոլովոյթը Արգելակող Հարցերը Պիտի Լուծուին»

Յաջորդը

«Կառավարութեան Կազմութեան Առումով Հիմնական Համաձայնութիւնները Գոյացած Են, Եւ Անոր Յայտարարութիւնը Ուշացնելու Պատճառ Չկայ» Շեշտեց Պասիլ

RelatedPosts

Ձմեռնային Ժամանակացոյց
Լիբանանեան

Ձմեռնային Ժամանակացոյց

Հոկտեմբեր 25, 2025
Նախագահ Աունի Հետ Հանդիպումին.  Հաժժար. «Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը Պատրաստ Է  Անկողմնակալ Եւ Թափանցիկ Երեսփոխանական Ընտրութիւններու
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աունի Հետ Հանդիպումին. Հաժժար. «Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը Պատրաստ Է Անկողմնակալ Եւ Թափանցիկ Երեսփոխանական Ընտրութիւններու

Հոկտեմբեր 25, 2025
Թրամփ Կը Բացայայտէ Իր Ուղղակի Դերակատարութիւնը Հըզպալլայի Դէմ Իսրայէլի Յարձակումներուն Մէջ
Լիբանանեան

Թրամփ Կը Բացայայտէ Իր Ուղղակի Դերակատարութիւնը Հըզպալլայի Դէմ Իսրայէլի Յարձակումներուն Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?