Ապպաս Իպրահիմ. «Առեւանգուած Բանակայիններու Թղթածրարին Վրայ Լուրջ Աշխատանք Կը Տարուի Եւ Մթնոլորտը Դրական Է»
Արսալի Արանեպ հովիտին մէջ 10 ահաբեկիչէ բաղկացող ՏԱՀԵՇ-ի խմբակի մը, ինչպէս նաեւ Արսալի մէջ ՏԱՀԵՇ-ի «իշխան» Ահմետ Եուսեֆ Ամմունի լիբանանեան բանակին կողմէ ձերբակալման զուգահեռ լուսարձակի տակ առնուեցաւ ՏԱՀԵՇ-ի մօտ գտնուող 11 բանակայիններու թղթածրարը: Տեղեկատուական կարգ մը աղբիւրներ յայտնեցին, որ Ամմուն բացայայտած է առեւանգուած բանակայիններուն գտնուած վայրը, իսկ այլ տեղեկութիւններու համաձայն, Ամմունը տակաւին կարելի չէ եղած հարցաքննել` նկատի ունենալով, որ ան...



















