
Լիբանանի անկախութեան 73-ամեակին առիթով երէկ իշխանութեան երեք պետերուն անունով տեղի ունեցաւ ծաղկեպսակներու զետեղում` երկրին անկախութիւնը կերտած անձնաւորութիւններուն շիրիմներուն:
Ընթացաւարտ կառավարութեան զբօսաշրջութեան նախարար Միշել Ֆարաոն երկու ծաղկեպսակներ զետեղեց Պշարա Խուրիի եւ Սաէպ Սալամի դամբարաններուն:
Ընթացաւարտ կառավարութեան ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Արթիւր Նազարեան ծաղկեպսակ մը զետեղեց Մեժիտ Արսլանի դամբարանին:
Երեսփոխան Նաամթալլա Ապի Նասըր իշխանութեան երեք պետերուն անունով ծաղկեպսակ մը զետեղեց Ֆուատ Շեհապի շիրիմին:
Երեսփոխան Մոհամետ Քապպանի ծաղկեպսակ մը զետեղեց Ատնան Հաքիմի դամբարանին:
Երեսփոխան Քասեմ Ապտել Ազիզ ծաղկեպսակ մը զետեղեց Համիտ Ֆրենժիէի դամբարանին:
Ընթացաւարտ կառավարութեան ներքին գործոց նախարար Մոհամետ Մաշնուք ծաղկեպսակներ զետեղեց Ռիատ Սոլհի եւ Ռաֆիք Հարիրիի շիրիմներուն:
Լրագրողներուն հետ զրոյցի մը ընթացքին Մաշնուք յայտնեց, որ կառավարութեան կազմութիւնը տակաւին որոշ ժամանակի կարիք ունի:
Երեսփոխան Ղասսան Մուխայպեր Պիքֆայայի մէջ Փիեռ Ժեմայէլի արձանին ծաղկեպսակ մը զետեղեց` հաստատելով, որ անկախութիւնը օրական դրութեամբ կատարուող աշխատանք է:
Երեսփոխան Եուսեֆ Խալիլ իր կարգին ծաղկեպսակ մը զետեղեց Սելիմ Թաքլայի դամբարանին` ընդգծելով Լիբանանը ազատ, անկախ եւ գերիշխան պահելու կարեւորութիւնը:
Ընթացաւարտ կառավարութեան հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Ղազի Զաայթեր Սապրի Համատէի շիրիմին ծաղկեպսակ մը զետեղեց:
Երեսփոխան Ալաէտտին Թըրրօ ծաղկեպսակ մը զետեղեց նաեւ Քամիլ Շամունի դամբարանին:
Երեսփոխան Ալի Խրէյս ծաղկեպսակ մը զետեղեց Ալի Օսէյրանի շիրիմին` շեշտելով, որ իսկական անկախութիւնը թշնամի Իսրայէլը լիբանանեան հողերէն դուրս շպրտելու մէջ կը կայանայ:
Նախկին նախարար Մոհամետ Սաֆատի ծաղկեպսակ մը զետեղեց Ապտել Համիտ Քարամէի դամբարանին:


