
Նախկին նախարար Փիեռ Ժեմայէլի նահատակութեան 10-ամեակին առիթով վարչապետ Սաատ Հարիրի յայտնեց, որ քաղաքականէն առաջ անձնական մակարդակի վրայ ինք տակաւին Ժեմայէլի կորուստը կը զգայ այնպէս մը, որ կարծէք Փիեռ Ժեմայէլի սպանութիւնը երէկ էր:
Հարիրի նշեց, որ Փիեռ Ժեմայէլ իրեն համար եղած է եղբայր եւ բարեկամ, որ բոլորին հետ հաւասարապէս կը վարուէր:
«Փիեռ Ժեմայէլի սպանութիւնը Լիբանանի եւ լիբանանցիներուն համար կորուստ է: Անոր նահատակութեամբ լիբանանցիները ոչ միայն քաղաքական անձնաւորութիւն մը կորսնցուցին, այլ բառին բուն իմաստով մարդ անհատ մը», ըսաւ ան:
Հարիրի աւելցուց, որ ինք այսօր ոչ միայն Ժեմայէլի ընտանիքին ցաւակցութիւն կը յայտնէ, այլեւ բոլոր լիբանանցիներուն` շեշտելով, որ անոր յիշատակը անթառամ պիտի մնայ:
Միւս կողմէ, Հարիրի Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի բարգաւաճման ծրագիրի ներկայացուցիչ Ֆիլիփ Լազարինին, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի բարգաւաճման ծրագիրները:
Հարիրի շեշտեց սուրիացի գաղթականներուն թղթածրարը կարեւորութեամբ հետապնդելու եւ անոնց ամէն տեսակի օժանդակութիւն ներկայացնելու անհրաժեշտութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ մեղմացնել զանոնք ընդունող լիբանանեան շրջաններուն դիմագրաւած բեռը:
Լիբանանի անկախութեան 73-ամեակին առիթով Հարիրի շնորհաւորագիր մը ստացաւ Ռուսիոյ վարչապետ Տմիթրի Մետվետեւէն:


