Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Ժ. Տարելիցին Առիթով` «Մեր Սկզբունքները Սակարկութեան Ենթակայ Չեն, Իսկ Մեր Նպատակը Լիբանանն Է Եւ Ոչ Թէ Դիրքերը» Շեշտեց Սամի Ժեմայէլ

Նոյեմբեր 24, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

img_0110

Նախկին նախարար Փիեռ Ժեմայէլի եւ անոր ընկերակիցին` Սամիր Շարթունիի սպանութեան Ժ. տարելիցին առիթով, երեքշաբթի երեկոյեան Հարիսայի մէջ  կատարուեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն, որուն նախագահեց մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքի ներկայացուցիչ` Պէյրութի առաջնորդ Պուլոս Մաթար եպիսկոպոսը:

Հոգեհանգիստին ներկայ գտնուեցան, նահատակ նախարարին ընտանիքը, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի ներկայացուցիչ, նախարար Էլիաս Ապու Սաապ, խորհրդարանի նախագահի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Աթեֆ Մաժտալանի, ընթացաւարտ կառավարութեան վարչապետ Թամմամ Սալամի ներկայացուցիչ, նախարար Սամիր Մուքպել, վարչապետ Սաատ Հարիրիի ներկայացուցիչ Ահմետ Հարիրի, մեծ թիւով նախարարներ եւ երեսփոխաններ, զինուորականներ, ինչպէս նաեւ ներկաներու հոծ բազմութիւն մը:

Հոգեհանգստեան արարողութեան ընթացքին Մաթար եպիսկոպոսը կարդաց Ռայի պատրիարքին կոնդակը, որուն մէջ ան յայտնեց, թէ Լիբանան Փիեռ Ժեմայէլի քաղաքական պատգամը իրագործելէ բացի այլընտրանք չկայ` աւելցնելով, որ նոր իշխանութեան օրով լիբանանցիները առիթ ունին նախագահ Աունի եւ քաղաքական բոլոր ուժերուն միջեւ համագործակցութեան:

Ապա խօսք առաւ նահատակ Փիեռ Ժեմայէլի զաւակը` Ամին Ժեմայէլ, որ շեշտեց, թէ իր հայրը չէ նահատակուած, այլ` ան կենդանի է Փաղանգաւոր կուսակցութեան իւրաքանչիւր անդամին միտքին մէջ` իր սկզբունքներով եւ պայքարի ոգիով:

Ապա խօսք առաւ հանրապետութեան նախկին նախագահ Ամին Ժեմայէլ, որ ընդգծեց, որ իր զաւկին նահատակութենէն 10 տարի ետք Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը կը մնայ հաստատ իր տեսակէտներուն վրայ, ինչպէս նաեւ կը գտնուի Պքերքէի, Ռայի պատրիարքին եւ նախագահ Աունի հովանիին տակ: Ան աւելցուց, որ իրենց գործակցութեան առումով հաստատ կը մնան նաեւ խորհրդարանի նախագահին եւ վարչապետներ Թամմամ Սալամի ու Սաատ Հարիրիի հետ:

Ան աւելցուց, որ Փիեռ Ժեմայէլ Սուրիոյ հոգատարութեան դէմ մղած իր պայքարին մէջ միշտ ալ եղած է Ազգային ազատ հոսանքի կողքին:

Իր կարգին, Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ յայտնեց, որ Փիեռ Ժեմայէլը սպաննողը պէտք է տեսնէ ներկաները` իմանալու համար, որ տասնեակ հազարաւոր փիեռներ կը գտնուին հոս:

Իր խօսքը ուղղելով իր նահատակ եղբօր` Սամի Ժեմայէլ շեշտեց, որ իրենք ամէնօրեայ դրութեամբ կ՛ապրին Փիեռի յիշատակով:

Սամի Ժեմայէլ ընդգծեց, որ Լիբանանի համար Փաղանգաւոր կուսակցութեան մղած պայքարը պիտի շարունակուի` աւելցնելով, որ քաղաքական գործունէութեան համար իրենք իրենց արժանապատուութենէն, ազգային տեսակէտներէն եւ հայրենիքին շահերէն պատրաստ չեն զիջելու:

Ան նշեց, որ Փաղանգաւոր կուսակցութեան ձայնը Լիբանանի ազատութեան ձայնն է, եւ եզրափակեց հետեւեալ ձեւով. «Մեր սկզբունքները սակարկութեան ենթակայ չեն, իսկ մեր նպատակը Լիբանանն է եւ ոչ թէ դիրքերը: Հզօր լիբանանեան պետութեան մը կերտումը մեր նպատակն է, եւ այդ պետութիւնը կարելի է կերտել ժողովրդավարութեամբ, գերիշխանութեամբ եւ ամբողջական ազատութեամբ»:

Յիշատակի ձեռնարկը աւարտեցաւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան քայլերգով:

 

Նախորդը

Առեւանգուած Բանակայիններուն Ընտանիքները Կոչ Կ՛ուղղեն Իրենց Զաւակներուն Ազատ Արձակման Ուղղութեամբ Գործելու

Յաջորդը

Պըրրի. «Յոյսով Ենք, Որ Կառավարութեան Կազմութեան Հոլովոյթը Արգելակող Հարցերը Պիտի Լուծուին»

RelatedPosts

Ձմեռնային Ժամանակացոյց
Լիբանանեան

Ձմեռնային Ժամանակացոյց

Հոկտեմբեր 25, 2025
Նախագահ Աունի Հետ Հանդիպումին.  Հաժժար. «Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը Պատրաստ Է  Անկողմնակալ Եւ Թափանցիկ Երեսփոխանական Ընտրութիւններու
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աունի Հետ Հանդիպումին. Հաժժար. «Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը Պատրաստ Է Անկողմնակալ Եւ Թափանցիկ Երեսփոխանական Ընտրութիւններու

Հոկտեմբեր 25, 2025
Թրամփ Կը Բացայայտէ Իր Ուղղակի Դերակատարութիւնը Հըզպալլայի Դէմ Իսրայէլի Յարձակումներուն Մէջ
Լիբանանեան

Թրամփ Կը Բացայայտէ Իր Ուղղակի Դերակատարութիւնը Հըզպալլայի Դէմ Իսրայէլի Յարձակումներուն Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?