
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը երէկ Ռապիէի մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար Ժըպրան Պասիլի:
Նիստէն ետք Պասիլ շեշտեց, որ կառավարութեան կազմութեան առումով հիմնական համաձայնութիւնները գոյացած են, եւ անոր յայտարարութիւնը ուշացնելու պատճառ չկայ, բացի կարգ մը մանրամասնութիւններէ, որոնք ոմանց համար կարեւոր են, իսկ այլոց համար` նուազ կարեւոր:
Պասիլ նշեց, որ կառավարութիւնը կը յարգէ բոլորը եւ կը ներկայացնէ բոլորը, աւելցնելով, որ իրենց պահանջն է, որ անիկա ըլլայ ազգային միասնականութեան կառավարութիւն, որ նոյնիսկ 24 նախարարի իր դրութեամբ կը ներկայացնէ խորհրդարանին մէջ ներկայացուցչութիւն ունեցող բոլոր ուժերը:
Պասիլ ընդգծեց Ազգային ուխտին համապատասխան կառավարութիւն մը ունենալու կարեւորութիւնը` նկատել տալով, որ բոլոր ուժերը համոզուած կերպով կը գործեն` քրիստոնեայ համայնքը կառավարութեան մէջ արդար կերպով ներկայացնելու ի խնդիր:
Պասիլ նշեց, որ իրենք կը մերժեն այս կամ այն քաղաքական ուժին դէմ վեթոյի գործադրութիւնը` ըլլայ ան ներկայացուցչութեան թէ նախարարութեան գծով:
Պասիլ նշեց, որ կառավարութեան հիմնական առաքելութիւնը երեսփոխանական ընտրութիւնն է եւ անիկա կատարելու համար անհրաժեշտ է մշակել ընտրական նոր օրէնք մը, որ Լիբանանի համար պիտի ըլլայ իսկական նուաճում:
Պասիլ հաստատեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի կարեւոր դերակատարութիւն ունի այս իմաստով, որովհետեւ ընտրական օրէնք մը կարելի չէ մշակել միայն երկկողմ կամ քառակողմ համաձայնութեամբ:
Պասիլ նշեց, որ Լիբանանի Անկախութեան տօնը իր բնականոն վիճակին վերադարձած է հանրապետութեան նախագահին ընտրութեամբ, սակայն պետութիւնը բաղկացնող տարրերը պէտք է ամբողջացնել կառավարութեան կազմութեամբ եւ առանց արտաքին միջամտութիւններու երեսփոխանական ընտրութիւններ կատարելով:
«Այդ պարագային միայն մենք մեր անկախութիւնը իսկապէս կ՛ապրինք եւ ոչ թէ անկախութեան յիշատակը կ՛ոգեկոչենք», ըսաւ ան:


