Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զօր. Քահուաժի. «Նախագահ Աունի Ընտրութիւնը Նոր Էջ Մը Բացած Է»

Նոյեմբեր 22, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

jean_kahwaji_112116

Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի անկախութեան 73-ամեակին առիթով «Օրուան հրահանգը» ուղղեց բանակին` շեշտելով, որ զօր. Միշել Աունի հանրապետութեան նախագահ ընտրութիւնը նոր էջ մը բացած է Լիբանանի պատմութեան մէջ:

«Այս տարի Լիբանանի Անկախութեան տօնին առիթով յոյս կը ներշնչուի երկրին եւ լիբանանցիներուն` նկատի ունենալով, որ տարիներու վրայ երկարող նախագահական թափուր դրութիւնը վերջ գտած է:

Տիրող յոյսի մթնոլորտին լոյսին տակ երկրին կայունութիւնը կ՛ամրապնդուի եւ երկիրը յաւելեալ բարգաւաճում կ՛ապրի», ըսաւ ան:

Զօր. Քահուաժի նշեց, որ գերիշխանական խորագիրներու ներքեւ պէտք է ներքին լիբանանեան կեանքը ամրապնդել, որպէսզի ան դիմադրէ զինք շրջապատող վտանգներուն:

Ան բարձր գնահատեց բանակին դերակատարութիւնը` Լիբանանի ապահովութեան եւ լիբանանցիներուն անվտանգութեան ապահովումին իմաստով, աւելցնելով, որ բանակին զինումը անհրաժեշտութիւն է:

«Հպա՛րտ եղէք ձեր իրագործումներով եւ իսրայէլեան ուժերուն դիմադրութեամբ, ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն հետ գործակցաբար ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւը գործադրելու վճռակամութեամբ, ահաբեկչութեան եւ անոր ցանցերուն ու քնացած բջիջներուն դէմ արձանագրուած յաղթանակով, ինչպէս նաեւ սահմանադրական հաստատութիւններուն պահպանումով: Կառչած մնացէ՛ք ձեր կարգախօսին եւ ազգային դաստիարակութեան, որոնց ընդմէջէն փաստած էք ձեր զօրութիւնը», ըսաւ զօր. Քահուաժի:

Ան հաստատեց, որ ահաբեկչական կազմակերպութիւններուն կողմէ բանակայիններուն առեւանգումը անկարելի է մոռնալ` ընդգծելով, որ անոնց ճակատագիրը բացայայտելու եւ զանոնք ազատ արձակելու իմաստով ոչ մէկ ճիգ պիտի խնայուի:

 

Նախորդը

Հարիրի. «Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութիւնը Լիբանանի Եւ Լիբանանցիներուն Համար Կորուստ Է»

Յաջորդը

Նախագահ Աուն Սէուտական Արաբիոյ Թագաւորէն Կը Ստանայ Ռիատ Այցելութեան Պաշտօնական Հրաւէր

RelatedPosts

Այսօր Խորհրդարանի Նիստ. Շարք Մը Պլոքներ Նիստը Պոյքոթի Կ՛ենթարկեն
Գլխաւոր լուրեր

Այսօր Խորհրդարանի Նիստ. Շարք Մը Պլոքներ Նիստը Պոյքոթի Կ՛ենթարկեն

Հոկտեմբեր 28, 2025
Նախագահ Աուն. «Արտերկրի Լիբանանցիները Իրաւունք Ունին Քաղաքական Կեանքին Մասնակցելու»
Լիբանանեան

Նախագահ Աուն. «Արտերկրի Լիբանանցիները Իրաւունք Ունին Քաղաքական Կեանքին Մասնակցելու»

Հոկտեմբեր 28, 2025
Վատիկան Լեւոն ԺԴ.-ի Այցելութեան Ծրագիրը Հրապարակեց
Գլխաւոր լուրեր

Վատիկան Լեւոն ԺԴ.-ի Այցելութեան Ծրագիրը Հրապարակեց

Հոկտեմբեր 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?