«Դեկտեմբեր Ամսուան Ընթացքին Լիբանան Հասած Է 250 Հազար Զբօսաշրջիկ» Շեշտեց Ա. Կիտանեան
Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան երէկ հարցազրոյցի մը ընթացքին շեշտեց, որ դեկտեմբերին Լիբանան հասած է 250 հազար զբօսաշրջիկ: «Նախատեսուած է, որ անոնց թիւը բարձրանայ 300 հազարի», ըսաւ ան: Ա. Կիտանեան ընդգծեց, որ Լիբանան ժամանողներուն թիւը բաւարար է ապացուցելու համար, որ Լիբանանի մէջ տիրող մթնոլորտը դրական է: Ան շեշտեց, որ ճիգ պիտի չխնայէ Լիբանանը վերածելու արաբ եւ օտար զբօսաշրջիկներու կեդրոնին: Նախարարը հաստատեց,...




















