Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անսարի Բարձր Կը Գնահատէ Լիբանանեան Քաղաքական Համախոհութիւնը

December 24, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

aoun_ansari_122316

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ երեկոյեան ժամը 6:30-ին, նախագահական պալատին մէջ ներկայ գտնուեցաւ Ս. Ծննդեան տօնին առիթով կազմակերպուած համերգի մը, որուն ընթացքին մաղթեց, որ տօնական այս օրերը լիբանանցիներուն համար ըլլան ուրախ առիթ մը, ինչպէս նաեւ յաջորդող օրերուն արդէն իսկ սկսի Լիբանանը կառուցելու երթը:

Այս առիթով նախագահ Աուն շնորհաւորեց բոլոր լիբանանցիները:

Միւս կողմէ, նախագահ Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Իրանի արտաքին գործոց փոխնախարար սէյիտ Հիւսէյն Ժապեր Անսարին, որ նախագահ Աունի փոխանցեց Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիի բերանացի նամակը, որուն մէջ կ՛ընդգծուէր լիբանանեան-իրանեան երկկողմանի յարաբերութիւններուն ամրապնդումը, ինչպէս նաեւ այդ յարաբերութիւնները բոլոր մարզերուն մէջ ամրապնդելու կարեւորութիւնը:

Անսարի նշեց, որ զօր. Միշել Աունի հանրապետութեան նախագահ ընտրութիւնը ինքնին նուաճում մըն է եւ անիկա կը դրսեւորէ լիբանանցիներուն միջեւ գործակցութիւնն ու համաձայնութիւնը, որ հիմնուած է մտքի եւ իմաստուն կեցուածքի վրայ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան միջինարեւելեան իրադարձութիւնները, յատկապէս Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած եռակողմ` իրանեան-թրքական-ռուսական հանդիպումին ընթացքին Սուրիոյ տագնապին մասին կատարուած քննարկումներուն արդիւնքները:

Նախագահ Աուն մաղթեց, որ Իրան յաւելեալ ճիգ եւ ջանք ի գործ դնէ` քաղաքական միջոցներով լուծելու համար Սուրիոյ տագնապը:

Այն Թինէի Մէջ

berri_ansari_122316

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի իր կարգին ընդունեց Անսարին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային զարգացումները:

Անսարի շեշտեց, որ Լիբանանի ներկայացուցած առաջին օրինակը` բռնարարքներու մարմնացում նկատուող Իսրայէլի Դիմադրութեան եւ անոր դէմ պայքարի ու յաղթանակի օրինակն է:

«Լիբանանի իւրայատկութիւնը կը կայանայ նաեւ անոր պատգամ երկիր ըլլալու իրականութեան մէջ, ուր իսլամ-քրիստոնեայ համակեցութիւն կայ եւ ազգային միասնականութիւն», ըսաւ ան:

Անսարի հաստատեց, որ Պըրրի այդ համերաշխութիւնը պաշտպանող տիտաններէն է:

Ան բարձր գնահատեց Լիբանանի քաղաքական ուժերուն միջեւ արձանագրուած համախոհութիւնը` աւելցնելով, որ անոր շնորհիւ կարելի եղած է նախագահական ընտրութիւն կատարել եւ կառավարութիւն կազմել:

Անսարի բարձր գնահատեց նաեւ Հալէպի մէջ արձանագրուած յաղթանակը:

Նշենք, որ Անսարի հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի հետ, ներկայութեամբ` Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Մոհամետ Ֆաթհալիի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան քաղաքական բեմը յուզող հարցերը, ինչպէս նաեւ շրջանային իրադարձութիւնները:

 

 

 

Նախորդը

«Ընտրական Նոր Օրէնք Մը Մշակելու Իմաստով Լիբանանեան Քաղաքական Բոլոր Ուժերը Պէտք Է Գործակցին» Շեշտեց Սէյիտ Նասրալլա

Յաջորդը

Վարչապետ Հարիրի Նախագահեց Կառավարութեան Աշխատանքային Ծրագիրի Մշակումի Նիստին

RelatedPosts

Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան  Եւ Կայունութեան Չկայ Ներդրում  Եւ Աճող Տնտեսութիւն»
Լիբանանեան

Սալամ. «Լիբանանի Մէջ Պաղեստինցի Գաղթականներու Կացութեան Կարգաւորումը Նոր Մօտեցման Կը Կարօտի»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

ՄԱԿ. «Լիբանանի, Սուրիոյ, Ուքրանիոյ Եւ Աֆղանիստանի Մէջ 9 Միլիոն Անձեր Ձմրան Դիմագրաւման Համար Յաւելեալ Օգնութեան Պիտի Կարօտին»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.