Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա երէկ յետմիջօրէին արտասանեց պատկերասփռուած ճառ մը, որ ուղղուած էր ուսանողներուն:
Սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ ինք չի նախատեսեր, որ կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրի պատրաստութիւնը դժուարութիւններ դիմագրաւէ` աւելցնելով, որ նախարարաց խորհուրդի անդրանիկ յայտարարութիւնը պիտի վաւերացուի, իսկ մօտիկ ապագային կառավարութիւնը պիտի արժանանայ խորհրդարանի վստահութեան քուէին:
Սէյիտ Նասրալլա հաստատեց, որ կառավարութիւնը ամբողջական պատասխանատուութիւն պէտք է ստանձնէ` աւելցնելով, որ անիկա պարզապէս երեսփոխանական ընտրութիւններու կառավարութիւն չէ, այլ` լիբանանցիներուն մակարդակին կառավարութիւն մը:
Անդրադառնալով երեսփոխանական ընտրութիւններու յատուկ ընտրական օրէնքին` սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ ինք կը զօրակցի ամբողջական համամասնական դրութեան, եւ այս առումով ան կոչ ուղղեց քաղաքական բոլոր ուժերուն` ընդարձակ երկխօսութիւն մը կատարելու այդ օրէնքը մշակելու նպատակով: Ան նշեց, որ իրենք 1960-ի ընտրական օրէնքը կը մերժեն` շեշտելով, որ բոլորը ամէն ջանք ի գործ կը դնեն երկրին մէջ քաղաքական եւ ապահովական կայունութիւն հաստատելու իմաստով:
Սէյիտ Նասրալլա հերքեց բոլոր այն մտահոգութիւնները, թէ Հըզպալլա կը փափաքի երկրին տիրել` աւելցնելով, որ քաղաքական բոլոր ուժերը պէտք է այդ մտայնութեան վերջ տան: «Եթէ նոյնիսկ մեզի առաջարկուի պետական բոլոր կառոյցներուն իշխանութիւնը եւ պաշտօնները ստանձնել, մենք կը մերժենք ատիկա, որովհետեւ նման երկրի մը եւ նման շրջանի մը պատասխանատուութեան ստանձնումը դիւրին աշխատանք մը չէ», հաստատեց ան:
Անդրադառնալով հաւատադրժողական ահաբեկչութեան` սէյիտ Նասրալլա խստիւ դատապարտեց ուահապականութիւնը, որ ՏԱՀԵՇ-ի մտայնութիւնն է` աւելցնելով, որ Թուրքիոյ իշխող կուսակցութիւնը ամէնէն աւելի ծառայութիւններ կը մատուցէ ՏԱՀԵՇ-ին, նոյնիսկ եթէ կայ այդ ձեւականութիւնը, թէ Թուրքիա կը պայքարի ՏԱՀԵՇ-ի դէմ: