Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ երեկոյեան ժամը 5:00-ին վարչապետարանին մէջ նախագահեց կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրի մշակման նիստին, որուն ներկայ գտնուեցան նախարարներ Մարուան Համատէ, Մոհամետ Ֆընէյշ, Ալի Հասան Խալիլ, Նուհատ Մաշնուք, Սելիմ Ժրայսաթի, Եուսեֆ Ֆընիանոս, Փիեռ Ապի Ասի եւ նախարարաց խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Ֆուատ Ֆլայֆել:
Կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրի մշակման նիստը արդէն իսկ աւարտեց իր աշխատանքները, որոշուեցաւ այսօր, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին նախարարաց խորհուրդի նիստ մը գումարել` վաւերացնելու համար այդ ծրագիրը:
Կը նախատեսուի կառավարութեան վստահութեան քուէ շնորհելու խորհրդարանի նիստը կայացնել յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին: