Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ս. Ծննդեան Տօնին Առիթով Նախագահ Աուն Կ՛այցելէ Պքերքէ

Դեկտեմբեր 28, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

president-michel-aoun-attends-the-mass-at-bkerke_122716

Ս. Ծննդեան տօնին առիթով, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն այցելեց Պքերքէ` ներկայ գտնուելու համար մատուցուելիք Ս. պատարագին:

Նախքան պատարագը, նախագահ Աուն հանդիպում մը ունեցաւ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին հետ:

Հանդիպումին ընթացքին Ռայի պատրիարքը ողջունեց նախագահ Աունի այցելութիւնը, ինչպէս նաեւ նոր կառավարութեան կազմութիւնը:

Քննարկուեցան նաեւ լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս կառավարութեան կողմէ աշխատանքային ծրագիրի վաւերացումին լոյսին տակ, ինչպէս նաեւ շրջանային զարգացումները:

Հանդիպումէն ետք լրագրողներուն հետ իր ունեցած զրոյցին ընթացքին, նախագահ Աուն շնորհաւորեց լիբանանցիները` մաղթելով ամենայն բարիք եւ խաղաղութիւն:

Նախագահ Աուն շեշտեց, որ տրուած խոստումները բազմաթիւ են` ընդգծելով, որ լիբանանցին անակնկալի պիտի չմատնուի այդ խոստումներուն գործադրութեամբ, «որովհետեւ ոչ մէկ ճիգ կամ ջանք պիտի խնայենք այդ խոստումները իրականացնելու համար», ըսաւ ան:

Նախագահ Աուն խոստացաւ նաեւ կարելի եղածին չափ նշանակումներ կատարել պետական հաստատութիւններուն մէջ` հիմնուելով պաշտօններուն յարմար ատակ անձեր նշանակելու չափանիշին վրայ:

Պատասխանելով հարցումի մը, թէ ե՞րբ է այն տօնը, որուն առիթով ընտրական նոր օրէնք մը պիտի վաւերացուի, նախագահ Աուն ըսաւ. «Երեսփոխանական ընտրութիւններուն տօնը»:

Ապա նախագահ Աուն ներկայ գտնուեցաւ Ս. Ծննդեան պատարագին:

 

 

Նախորդը

Բանակը Գուժեց Ալի Մաժետ Քաքի Նահատակութիւնը

Յաջորդը

«Դատաւորներուն Նեցուկ Պիտի Կանգնիմ` Զանոնք Ամէն Տեսակի Ճնշումէ Պաշտպանելու Նպատակով» Շեշտեց Նախագահ Աուն

RelatedPosts

Բագրատունի Վերընտրուեցաւ Խորհրդարանի Դիւանի Անդամ, Ինչպէս Նաեւ Խորհրդարանական Գաղթականներու Հարցերու Յանձնախումբի Նախագահ Եւ Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբի Քարտուղար
Լիբանանեան

Բագրատունի Վերընտրուեցաւ Խորհրդարանի Դիւանի Անդամ, Ինչպէս Նաեւ Խորհրդարանական Գաղթականներու Հարցերու Յանձնախումբի Նախագահ Եւ Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբի Քարտուղար

Հոկտեմբեր 22, 2025
Ատուան. «Կը Պնդենք Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Կատարելու Վրայ, Եւ Լուծումը Արտերկիր Գտնուողներու Քուէարկութեան Օրէնքի Բարեփոխումն Է»
Լիբանանեան

Ատուան. «Կը Պնդենք Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Կատարելու Վրայ, Եւ Լուծումը Արտերկիր Գտնուողներու Քուէարկութեան Օրէնքի Բարեփոխումն Է»

Հոկտեմբեր 22, 2025
Պուխարի Ռաժժիին Յանձնեց «Էքսփօ Ռիատ 2030»-ին Լիբանանի Մասնակցութեան Հրաւէր Մը
Լիբանանեան

Պուխարի Ռաժժիին Յանձնեց «Էքսփօ Ռիատ 2030»-ին Լիբանանի Մասնակցութեան Հրաւէր Մը

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?