Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կառավարութեան Աշխատանքային Ծրագիրի Վաւերացումէն Ետք Սկսան Անոր Վստահութեան Քուէ Շնորհելու Խորհրդարանական Նիստերը

Դեկտեմբեր 28, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

khorhertaran_122716

Շաբաթ, 24 դեկտեմբեր 2016-ին, նախագահական պալատին մէջ իր գումարած նիստին ընթացքին, կառավարութիւնը վաւերացուց իր աշխատանքային ծրագիրը` շեշտելով, որ իր գործունէութիւնը պէտք է ըլլայ արդիւնաբեր եւ արագ:

Մեկնելով այս իրականութենէն եւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հրաւէրով` կառավարութեան վստահութեան քուէ շնորհելու խորհրդարանի նիստերը սկսան երէկ:

Նախարարաց խորհուրդը իր ամբողջ կազմով ներկայացաւ խորհրդարան, ուր նիստը սկսաւ կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին:

Խորհրդարանի նիստին սկիզբը կարդացուեցան նախկին վարչապետ Թամմամ Սալամի կառավարութեան հրաժարականը ընդունելու եւ ապա Սաատ Հարիրիի վարչապետ նշանակումին շրջաբերականները:

Ապա խօսք առաւ վարչապետ Հարիրի, որ ներկայացուց կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրը:

Նախկին վարչապետ Թամմամ Սալամ իր վստահութեան քուէն շնորհեց կառավարութեան` հաստատելով ընտրական նոր օրէնք մը մշակելու առաջնահերթութիւնը:

Նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթիէն եւ Ահմետ Քարամէէն բաղկացող Թատամոն պլոքը մերժեց մասնակցիլ կառավարութեան վստահութեան քուէ շնորհելու նիստին` մաղթելով, որ կառավարութիւնը իր գործունէութեամբ փաստէ, թէ ատակ է ստանալու խորհրդարանին վստահութիւնը:

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի ընդհանուր քարտուղար Իպրահիմ Քանաան յայտնեց, որ նախնական համաձայնութիւն մը գոյացած է իւրաքանչիւր պլոքէ մէկ երեսփոխանի արտասանելիք խօսքին շուրջ, սակայն Պըրրի շեշտեց, որ նման բան կարելի չէ, եթէ քաղաքական բոլոր ուժերը համաձայն չեն:

Աւելի ուշ Քանաան իր արտասանած խօսքին ընթացքին համախմբումին անունով վստահութեան քուէ շնորհեց կառավարութեան:

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ֆարիտ Խազեն եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Անթուան Զահրա իրենց վստահութեան քուէն շնորհեցին կառավարութեան:

Մուսթաքպալ պլոքի երեսփոխան Սամիր Ժսըր պլոքին անունով վստահութիւն շնորհեց կառավարութեան:

Ղովմի կուսակցութեան երեսփոխան Մարուան Ֆարես վստահութեան քուէն շնորհեց Հարիրիի կառավարութեան:

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Ժոզեֆ Մաալուֆ իր խօսքին մէջ շեշտեց, որ խաղաղութեան եւ պատերազմի որոշումը պէտք է ըլլայ լիբանանեան պետութեան հակակշիռին տակ:

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Ալի Ամմար իր վստահութեան քուէն շնորհեց կառավարութեան` շեշտելով, որ իրենք արտակարգ զօրակցութիւն եւ օժանդակութիւն կը ցուցաբերեն կառավարութեան հետ գործակցելու առումով:

Երեսփոխան Իմատ Հութ իր կարգին վստահութեան քուէ շնորհեց Հարիրիի կառավարութեան:

Մարատա հոսանքի երեսփոխան Ըսթֆեն Տուէյհի իր վստահութեան քուէն շնորհեց կառավարութեան:

Առաւօտեան նիստը յատկանշուեցաւ երեսփոխաններ Խալետ Տահերի եւ Ռիատ Ռահհալի միջեւ արձանագրուած բանավէճով, որ սուր ու գռեհիկ բնոյթ ունեցաւ:

Տահեր մերժեց իր վստահութեան քուէն շնորհել կառավարութեան:

Խորհրդարանի առաւօտեան նիստը աւարտեցաւ կէսօրէ ետք ժամը 2:45-ին եւ շարունակեցաւ երեկոյեան ժամը 6:00-ին` գիշերային նիստով:

Գիշերային նիստին ընթացքին իր խօսքը արտասանեց «Ժողովրդավարական հանդիպում» երեսփոխանական պլոքի անդամ Ղազի Արիտի, որ յայտնեց, թէ «Ժողովրդավարական հանդիպում»-ը վարչապետ Հարիրիի կառավարութեան իր վստահութեան քուէն շնորհեց:

Ան մաղթեց, որ իշխանութեան նկատմամբ ցուցաբերուած աննախընթաց վստահութիւնը դրսեւորուի գործերով:

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հասան Ֆատլալլա հաստատեց, որ Հըզպալլա գործակցութեան ձեռք երկարեց բոլորին` կերտելու համար իսկական պետութիւնը:

Իր կարգին, երեսփոխան Պութրոս Հարպ արտասանեց խօսք մը, որուն մէջ մերժեց իր կեցուածքը արտայայտել վստահութեան քուէ շնորհելու կամ չշնորհելու առումով, եւ պարզապէս յաջողութիւն մաղթեց կառավարութեան:

Նկատի ունենալով ճամբորդող երեսփոխաններուն թիւը եւ օրինաթիւի խախտումի հաւանականութիւնը, Պըրրի երէկ երեկոյեան երեսփոխանները հրաւիրեց խորհրդարան` արագացնելու համար կառավարութեան վստահութեան քուէ շնորհելու հոլովոյթը, սակայն ի վերջոյ համաձայնութիւն գոյացաւ այսօրուան նիստին ընթացքին վստահութեան քուէ շնորհել կառավարութեան:

Նախորդը

«Դատաւորներուն Նեցուկ Պիտի Կանգնիմ` Զանոնք Ամէն Տեսակի Ճնշումէ Պաշտպանելու Նպատակով» Շեշտեց Նախագահ Աուն

Յաջորդը

Մանոյեան. «ՀԱՊԿ Անդամ Պետութիւնները Խանդավառ Չեն Հայաստանի Հաւանական Յաջողութիւնններով»

RelatedPosts

Կառավարութիւնը Կը Վերահաստատէ Իր Յանձնառութիւնը` Խորհրդարանական Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Կատարելու
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութիւնը Կը Վերահաստատէ Իր Յանձնառութիւնը` Խորհրդարանական Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Կատարելու

Հոկտեմբեր 24, 2025
Նախագահ Աունը` Զօր. Քլիրֆիլտին.  «Անհրաժեշտ Է Կեանքի Կոչել «Մեքանիզմ»-ի Յանձնախումբի Աշխատանքը»
Լիբանանեան

Նախագահ Աունը` Զօր. Քլիրֆիլտին. «Անհրաժեշտ Է Կեանքի Կոչել «Մեքանիզմ»-ի Յանձնախումբի Աշխատանքը»

Հոկտեմբեր 24, 2025
Սալամ. «Կառավարութեան Կողմէ Որդեգրուած Որեւէ Որոշումի Վերաբերեալ Զիջում Չկայ»
Լիբանանեան

Սալամ. «Կառավարութեան Կողմէ Որդեգրուած Որեւէ Որոշումի Վերաբերեալ Զիջում Չկայ»

Հոկտեմբեր 24, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?