Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան երէկ հարցազրոյցի մը ընթացքին շեշտեց, որ դեկտեմբերին Լիբանան հասած է 250 հազար զբօսաշրջիկ:
«Նախատեսուած է, որ անոնց թիւը բարձրանայ 300 հազարի», ըսաւ ան:
Ա. Կիտանեան ընդգծեց, որ Լիբանան ժամանողներուն թիւը բաւարար է ապացուցելու համար, որ Լիբանանի մէջ տիրող մթնոլորտը դրական է:
Ան շեշտեց, որ ճիգ պիտի չխնայէ Լիբանանը վերածելու արաբ եւ օտար զբօսաշրջիկներու կեդրոնին:
Նախարարը հաստատեց, որ Լիբանանի տնտեսութիւնը մեծ համեմատութեամբ հիմնուած է զբօսաշրջութեան մարզին վրայ` աւելցնելով, որ բոլոր նախարարութիւններուն միջեւ սերտ գործակցութիւն պիտի ըլլայ` գործադրելու համար երկրին վերաբերող բոլոր ծրագիրները:
Ընտրական օրէնքին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Աւետիս Կիտանեան հաստատեց, որ ՀՅԴ-ն կը զօրակցի արդար եւ ճշգրիտ ներկայացուցչութիւն ապահովող ընտրական օրէնքի մը: