Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ֆրանսայի Արտաքին Գործոց Նախարարը Իր Երկրին Անվերապահ Զօրակցութիւնը Յայտնեց Լիբանանին

December 23, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

aoun_jean-marc-ayrault_122216

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Մարք Էյրօ երէկ պաշտօնական այցելութիւն տուաւ Լիբանան, ուր հանդիպումներ ունեցաւ երկրին իշխանութեան երեք պետերուն եւ լիբանանցի իր պաշտօնակիցին հետ:

Պաապտայի Նախագահական Պալատին Մէջ

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն Պաապտայի պալատին մէջ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Մարք Էյրոն ընդունելու ընթացքին անոր յայտնեց, թէ ինք յանձնառու է լիբանանեան-ֆրանսական յարաբերութիւնները ամրապնդելու եւ սերտացնելու բոլոր մարզերուն մէջ` դիտել տալով միաժամանակ, թէ ինք պիտի ընդառաջէ Ֆրանսա այցելելու գծով իրեն ուղղուած պաշտօնական հրաւէրին` արաբական կարգ մը երկիրներու կատարելիք իր այցելութիւններէն ետք:

Նախագահ Աուն անդրադարձաւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարին առումով պետութիւններուն միջեւ համագործակցութեան անհրաժեշտութեան` շեշտելով այս իմաստով լիբանանեան ապահովական կառոյցներուն որդեգրած ապահովական միջոցառումներուն յաջողութիւնը: Հանրապետութեան նախագահը յայտնեց, որ սուրիացի տեղահանուածներուն իրենց երկիրը վերադարձը լաւագոյն լուծումն է այս աղէտին, որուն հետեւանքները կը կրէ Լիբանան:

Նախագահ Աուն նշեց, որ Լիբանան սկսաւ ներքին առողջացման նոր փուլի մը` նախագահական ընտրութենէն եւ նոր կառավարութեան կազմութենէն ետք, իսկ բոլոր մարզերուն մէջ վերականգնումը պիտի սկսի կառավարութեան` խորհրդարանին մէջ վստահութեան քուէ ստանալէն ետք:

Նախարար Էյրօ նախագահ Աունին փոխանցեց բերանացի նամակ մը Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտէն, որ վերստին շնորհաւորած էր Աունը վերջինիս ընտրութեան առիթով: Էյրօ ըսաւ. «Լիբանան ճիշդ ուղղութեամբ շրջանցած է կարեւոր փուլ մը, եւ նախագահ Աունի ընտրութիւնը Լիբանանը զետեղեց լաւատեսութեան մթնոլորտի մէջ: Ան յոյս յայտնեց, որ Լիբանան հեռու մնայ զինք շրջապատող վտանգներէն:

Այն Թինէի Մէջ

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Ժան Մարք Էյրոն ընդունեց Այն Թինէի մէջ: Հանդիպումէն ետք Էյրօ ըսաւ, որ անիկա արդիւնաւէտ եւ օգտակար էր, մասնաւորաբար այն կարեւոր դերին համար, որ Պըրրի կ՛ունենայ լիբանանեան սահմանադրական հաստատութիւններուն մէջ` խորհրդարանի նախագահի եւ ազգային երկխօսութեան հովանաւորի իր հանգամանքներով, ինչ որ շատ կարեւոր է բոլոր լիբանանցիներուն համար: Էյրօ նշեց, որ ան Ֆրանսայի գնահատանքը եւ աջակցութիւնը յայտնած է Լիբանանին, մանաւանդ երբ շրջանցած է դժուար փուլ մը եւ յաջողած է ընտրել նախագահ Աունը եւ կազմել կառավարութիւն:

Էյրօ նկատել տուաւ, թէ քաջածանօթ է, որ Պըրրի ձգտած է ամբողջացնել համախոհութիւնը: «Ան ինծի ըսաւ. թէ կը փափաքի դիւրացնել հարցերը, որպէսզի խորհրդարանը անցնի իր աշխատանքին եւ բարեփոխէ ընտրական օրէնքը` կատարելու համար խորհրդարանական ընտրութիւնները: Այդ պատճառով ալ Լիբանան ներկայիս ճիշդ ուղղութեան վրայ է, եւ մենք ուրախ ենք ատոր համար: Մենք անդրադարձանք երկրի ղեկավարներուն դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն եւ այն բոլոր հանգամանքներուն, որոնք կը նպաստեն Լիբանանի զարգացման եւ ապահովական կայունութեան», ըսաւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարը:

Էյրօ աւելցուց, որ Պըրրի, ինչպէս բոլոր լիբանանցի պատասխանատուները, Լիբանանի յանձնառութիւնը յայտնեց ինքզինք զերծ կացուցելու շրջանային եւ մանաւանդ Սուրիոյ մէջ ընթացող տագնապէն` նշելով միաժամանակ, որ Ֆրանսա յանձնառու կը մնայ Լիբանանի օժանդակութեան եւ լիբանանեան բանակին տրամադրուելիք 15 միլիոն եւրոյին:

Վարչապետարանին Մէջ

Վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ հանդիպում ունենալէ ետք վարչապետարանին մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Մարք Էյրօ յայտնեց, որ եկած է շնորհաւորելու վարչապետ Հարիրին իր պաշտօնը ստանձնելու եւ կառավարութիւնը կազմելու առիթով` հաստատելով, որ` «Ֆրանսա հաւատարիմ բարեկամ կը մնայ Լիբանանին, եւ մենք այստեղ ենք շեշտելու, որ կը կանգնինք Լիբանանի եւ Հարիրիի կողքին»:

Էյրօ նաեւ ընդգծեց, որ Ֆրանսա պիտի շարունակէ օգնել Լիբանանին` դիմագրաւելու համար իրեն դէմ ծառացած մարտահրաւէրները: Ան ըսաւ, որ Հարիրիի եւ կառավարութեան առջեւ կայ դժուար պարտականութիւն մը, որ խորհրդարանական ընտրութիւններու կայացումն է:

Էյրօ նկատել տուաւ, որ` «Լիբանանի մէջ սուրիացի տեղահանուածներու այսքան մեծաթիւ ներկայութիւնը կ՛ազդէ երկրին վրայ, եւ մենք նիւթապէս պիտի օգնենք Լիբանանին` դիմագրաւելու համար այս տագնապը»:

Պուսթրոս Պալատին Մէջ

Արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ Պուսթրոս պալատին մէջ ընդունեց ֆրանսացի իր պաշտօնակիցը: Հանդիպումէն ետք տրուած մամլոյ միացեալ ասուլիսին ընթացքին Պասիլ յայտնեց, որ Էյրոյի այս այցելութիւնը կը կատարուի այնպիսի ժամանակաշրջանի մը, երբ Լիբանան կը վերականգնէ իր սահմանադրական առողջութիւնը: «Կը յուսանք, որ ինչ որ տեղի կ՛ունենայ ապահովէ երեսփոխանական ընտրութիւններու կայացումը սահմանադրական ժամկէտներու ծիրին մէջ` համաձայն ընտրական նոր օրէնքի մը, որ կ՛երաշխաւորէ ներկայացուցչութեան առողջութիւնը»:

Պասիլ դիտել տուաւ, որ ահաբեկչութիւնը վնաս կը հասցնէ անխտիր բոլոր երկիրներուն, եւ մեր ընկերութեան պարտականութիւնն է ոչնչացնել այս վարակը` անոր նիւթական աղբիւրները ոչնչացնելու միջոցով:

Իր կարգին, նախարար Ժան Մարք Էյրօ հաստատեց, որ երկու երկիրներուն միջեւ փոխադարձ կապը ամուր է եւ լուրջ: Վստահութիւն ներշնչողը զօրաւոր յարաբերութիւնն է Լիբանանի եւ Ֆրանսայի միջեւ: Էյրօ նկատել տուաւ, որ պէտք չէ մոռնալ, որ 2,5 տարի անցաւ նախագահական թափուր աթոռի դրութենէն, եւ կառավարութիւնը ներկայիս պիտի որդեգրէ աշխատանքային ծրագիր մը, ինչպէս նաեւ սկսած են բանակցութիւնները բարեկարգելու ընտրական հոլովոյթին: «Սահմանադրական հաստատութիւններու լաւ եւ բնականոն աշխատանքը լիբանանցիներուն կ՛արտօնէ սկսիլ սպասուած բարեկարգումներուն, մասնաւորապէս տնտեսական մարզին մէջ եւ հեռու պահելու Լիբանանը սուրիական տագնապէն, ինչպէս նաեւ ապահովել միջազգային ընտանիքին օժանդակութիւնը», ըսաւ Ժան Մարք Էյրօ:

 

Նախորդը

Վարչապետարանին Մէջ. Հարիրի Ընդունեց Հիւսէյն Ժապեր Անսարին

Յաջորդը

Պատասխանատուութեան Յանձնումի Եւ Ստանձնումի Արարողութիւն` Զբօսաշրջութեան Նախարարութեան Մէջ. Կիտանեան. «Բախտաւոր Եմ, Որ Այսքան Մեծաթիւ Ծրագիրներ Կը Ստանձնեմ»

RelatedPosts

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»

February 2, 2026
14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով`  Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»
Լիբանանեան

14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով` Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»

February 2, 2026
Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ
Լիբանանեան

Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.