Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Այն Գիւղաքաղաքի Փոխքաղաքապետը` Սպաննուած

Դեկտեմբեր 29, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

panag_kasr_122816

Լիբանանեան բանակի հրամանատարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան համաձայն, երէկ առաւօտեան ժամը 6:30-ին Պաալպեքի Այն գիւղաքաղաքին մէջ վանի մը ականահարումը պատճառեց Այնի փոխքաղաքապետ Խալետ Ալի Հուրիի սպանութիւնը:

Բանակը անմիջապէս հետաքննութիւն բացաւ այդ հարցին գծով:

Նշենք, որ բանակի անկարգելաւորներու ջոկատ մը Հերմելի Քասըր շրջանին մէջ խուզարկումներ կատարեցին եւ 8 կասկածելիներ ձերբակալեցին:

Միւս կողմէ, Այնի քաղաքապետ Զաքարիա Նասրէտտին շեշտեց, որ իրենք պիտի յարգեն հետաքննութեան արդիւնքները` առանց կանխելու զանոնք:

Ան կոչ ուղղեց ապահովութեան ուժերուն բացայայտելու այդ անարգ ոճիրին ծալքերը եւ պատժելու բոլոր յանցագործները:

Նասրէտտին շեշտեց, որ սպաննուողը քրիստոնեայ համայնքին հետ նշած էր Ս. Ծննդեան տօնը եւ պնդած, որ եկեղեցւոյ մէջ տօնածառ զետեղուի:

Իր կարգին, Այնի թաղապետ Եուսեֆ Ժաաֆար, որ այցելած էր դէպքին վայրը, հաստատեց, որ Խալետ Հուրի բոլորին հետ լաւ յարաբերութեան մէջ եղած է միշտ:

Ընդհանուր Ապահովութեան Ուժերու
Ընդհանուր Տնօրէնութիւն

Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ առեւանգուած բանակայիններու թղթածրարին հետապնդումին շրջագիծին մէջ, տնօրէնութիւնը իմացած էր, որ լիբանանեան-սուրիական սահմանամերձ շրջանին մէջ գտնուած են չորս դիակներ:

«Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնութիւնը յատուկ ջոկատ մը գործուղեց այդ վայրը եւ «Տի. Էն. Էյ.»-ի քննութիւն կատարելու յատուկ բեկորներ վերցնել տուաւ անոնցմէ: «Տի. Էն. Էյ.»-ի քննութեան արդիւնքները բաղդատուեցան առեւանգուած բանակայիններուն «Տի. Էն. Էյ.»-ին հետ եւ անհամապատասխան դուրս եկան», նշուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ:

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

«Լիբանանեան Բանակն Ու Ապահովական Կառոյցները Հայրենիքին Հիմքերն Են» Շեշտեց Նախագահ Աուն

RelatedPosts

Ռիաշի. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Ուղղակի Բանակցութիւնները Կ՛ընթանան Պըրրիի Հովանաւորութեամբ Եւ Սալամի Համաձայնութեամբ»
Լիբանանեան

Ռիաշի. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Ուղղակի Բանակցութիւնները Կ՛ընթանան Պըրրիի Հովանաւորութեամբ Եւ Սալամի Համաձայնութեամբ»

Հոկտեմբեր 16, 2025
Ժապեր. «Կեդրոնական Դրամատան Նոր Կառավարիչը  Մարտի Աւարտէն Առաջ Պիտի Նշանակուի»
Լիբանանեան

Ժապեր. «Պատերազմին Գինը Անցաւ 11 Միլիառ Տոլարը»

Հոկտեմբեր 16, 2025
Պայրագտարեան Ընդունեց Հնդկաստանի Դեսպանը
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց Հնդկաստանի Դեսպանը

Հոկտեմբեր 16, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?