Իպրահիմ. «Լիբանան Ապահով Է, Իսկ Լիբանանեան Ընկերութիւնը Ահաբեկչութիւնը Հիւրընկալող Ընկերութիւն Մը Չէ»
Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ շեշտեց, որ Լիբանան ապահով երկիր է, եթէ զայն բաղդատենք շրջակայ երկիրներուն հետ: Ան ընդգծեց, որ լիբանանեան ընկերութիւնը ահաբեկչութիւնը հիւրընկալող ընկերութիւն մը չէ: «Լիբանանցիները վկայած են լիբանանեան երկարատեւ պատերազմը, եւ անոնք լաւ գիտեն պատերազմին ահաւորութիւնը եւ կը հաւատան, թէ տարբերութիւններուն հարթումը կարելի է ապահովել միայն երկխօսութեամբ», ըսաւ ան: Իպրահիմ Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու սպաներուն...




















