Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պատասխանատուութեան Յանձնումի Եւ Ստանձնումի Արարողութիւն` Զբօսաշրջութեան Նախարարութեան Մէջ. Կիտանեան. «Բախտաւոր Եմ, Որ Այսքան Մեծաթիւ Ծրագիրներ Կը Ստանձնեմ»

December 23, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

1482413658_tourism

Երէկ զբօսաշրջութեան նախարարութեան կեդրոնատեղիին մէջ տեղի ունեցաւ պատասխանատուութեան յանձնումի եւ ստանձնումի արարողութիւնը զբօսաշրջութեան նախկին նախարար Միշել Ֆարաոնի եւ նորանշանակ նախարար Աւետիս Կիտանեանի միջեւ:

Խօսք առնելով` նախարար Միշել Ֆարաոն ներկայացուց նախորդ երեք տարիներուն ընթացքին նախարարութեան իրականացուցած ծրագիրները եւ նուաճումները: Այս ծրագիրներուն առաջին կարգին պէտք է յիշել արաբական աշխարհին ուղղուած քարոզչական արշաւները` արաբական երկիրներէն զբօսաշրջիկներու Լիբանան գալուստը քաջալերելու համար: Հակառակ երկրին մէջ տիրած տագնապին, զբօսաշրջական միջազգային ցուցահանդէսներուն ընթացքին Լիբանանի իրական պատկերը ներկայացնելու մէջ յաջողութիւն արձանագրուած է: Նախորդ երեք տարուան ընթացքին կարելի եղած է Լիբանան այցելող զբօսաշրջիկներու համեմատութիւնը բարձրացնել 33 առ հարիւրով` քաղաքական ոչ նախանձելի պայմաններու մէջ, իսկ կենսոլորտային զբօսաշրջութեան մակարդակով աճը աւելի մեծ էր եւ գերազանցեց 100 տոկոսը: Ինչ կը վերաբերի փառատօներուն, մինչ 2013-ին անոնց թիւը 40 էր, 2016-ին տեղի ունեցան աւելի քան 120 փառատօներ եւ աւելի քան 200 զբօսաշրջական բնոյթի ձեռնարկներ` նախարարութեան հովանաւորութեամբ եւ աջակցութեամբ:

Անդրադառնալով իրագործուելիք ծրագիրներուն` նախարար Ֆարաոն շեշտը դրաւ մնայուն կերպով զարգացող զբօսաշրջութեան հարցին վրայ` նշելով, որ ծրագիրներուն մեծամասնութեան նպատակը նախարարի անձով վերջանալը չէ, այլ անոնց շարունակական եւ հետեւողական բնոյթ տալը: Ան յիշեց, որ այս ծրագիրներէն մէկն է գիւղական զբօսաշրջութեան ծրագիրը, որուն գծով մշակուած է հնգամեայ ծրագիր: Նախարար Ֆարաոն անդրադարձաւ նաեւ կրօնական զբօսաշրջութեան կարեւորութեան` շեշտելով, որ ներկայիս Լիբանանի մէջ գոյութիւն ունի աւելի քան 200 կրօնական վայր, ուր կրնան այցելել զբօսաշրջիկները, անշուշտ միաժամանակ համապատասխան ենթակառոյցները զարգացնելով: Նախարար Ֆարաոն նաեւ խօսեցաւ կարգ մը թղթածրարներու մասին, որոնց լուծում չկրցաւ ապահովել իր պաշտօնավարութեան ընթացքին` նախագահական թափուր աթոռի դրութեան եւ խորհրդարանի աշխատանքին անդամալուծումին պատճառով: Անոնցմէ են` «Քազինօ տիւ Լիպան»-ի վերաբերող թղթածրարը, օդակայանին մէջ ծառայութիւնները բարելաւելու հարցը եւ Ծոցի երկիրներէն զբօսաշրջիկներու գալուստին հարցը:

Այնուհետեւ նախարար Աւետիս Կիտանեան, շնորհակալութիւն յայտնելով նախարար Ֆարաոնին, ըսաւ. «Ինքզինքս կը զգամ բախտաւոր նախարարներէն մէկը` այսքան մեծաթիւ իրագործուած եւ իրագործելի ծրագիրներ ստանձնելուս համար: Իրագործելի այս ծրագիրներուն յատուկ ուշադրութիւն պիտի դարձնեմ եւ նախարար Ֆարաոնի աջակցութեամբ պիտի հետապնդեմ անոնց գործադրութիւնը»: Նախարար Կիտանեան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ զբօսաշրջական բոլոր մարզերու ներկայացուցիչներուն` նշելով միաժամանակ, որ սեփական մարզը ինքն է զբօսաշրջութեան նախարարութեան շարժիչ ուժը, եւ այդ մարզին աշխուժ ներգրաւումը կը յանգեցնէ դրական արդիւնքներու` նախաձեռնութիւններու եւ ծրագիրներու իրագործման մակարդակին վրայ:

Կիտանեան աւելցուց. «Իմ պաշտօնավարութեանս ընթացքին ամէն ջանք ի գործ պիտի դնեմ աւելցնելու օտար օդանաւորդական ընկերութիւններու միջոցով Լիբանան եկող զբօսաշրջիկներուն թիւը, որուն շնորհիւ երկրին մէջ պիտի ստեղծուի դրական մթնոլորտ: Ես բախտաւոր եմ, որ նախարար նշանակուեցայ լաւատեսական եւ դրական ժամանակաշրջանի մը, նախագահ Աունի եւ վարչապետ Հարիրիի իշխանութեան օրով»:

Կիտանեան «Ս. Ծննդեան Գիւղ»-ի Բացում Կը Կատարէ
Սայտայի Մէջ

hafelestirahetsaida-kadanyan-5ph-a-m23-12-2016

Երէկ զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան Սայտայի մէջ բացումը կատարեց «Ս. Ծննդեան գիւղ»-ին: Բացման արարողութեան ընթացքին նախարար Կիտանեան ըսաւ, որ իրենք միշտ կը լսէին գեղեցկութեան եւ համակեցութեան քաղաք Սայտայի մասին, սակայն այսօր գետնի վրայ շօշափեցին այս իրողութիւնը, որովհետեւ Սայտան իրապէս համակեցութեան քաղաք է: Կիտանեան նկատել տուաւ, որ մարդ անհատին արժէքը անոր ունեցուածքին մէջ չէ, այլ` իր գործերուն մէջ:

«Եւ երբ տալու մասին կը խօսիմ, չեմ ակնարկեր դրամին եւ նիւթականին, այլ` մարդուն կողմէ իր պատկանած ընկերութեան տրուող երջանկութեան, մշակութային, գիտութեան եւ լուսաւորութեան», ըսաւ նախարար Կիտանեան` աւելցնելով, որ Սայտայի քաղաքապետութեան մէջ կատարուող այս ձեռնարկը ցոյց կու տայ, որ Սայտան ազգային միասնականութեան քաղաք է:

Կիտանեան նկատել տուաւ, որ նախագահական ընտրութենէն եւ կառավարութեան կազմութենէն ետք երկրին մէջ լաւատեսութեան բարձր մակարդակ կայ` յուսալով, որ այս մթնոլորտը ամբողջանայ կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրին պատրաստութեամբ եւ խորհրդարանին մէջ վստահութեան քուէի շնորհումով` Նոր տարիէն առաջ:

 

Նախորդը

Ֆրանսայի Արտաքին Գործոց Նախարարը Իր Երկրին Անվերապահ Զօրակցութիւնը Յայտնեց Լիբանանին

Յաջորդը

Պեզիէի Քաղաքապետը Պիտի Դատուի Իր Կատարած Հակաիսլամական Յայտարարութիւններուն Համար

RelatedPosts

Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակի Հերթական Առցանց Նիստ
Գաղութային

«Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ի հերթական առցանց նիստ

February 2, 2026
Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.